Շտապօգնութեան Մեքենան Ժընեւեան Համաձայնագր Դրոյթներուն Համաձայն Կարելի Չէ Խոցել. Դաւիթ Բաբայեան

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակառակորդին կողմէ Ապրիլ 6-ին խոցուած է շտապօգնութեան մեքենայ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը:
«Սա եւս մէկ անգամ խօսում է այն մասին, որ ի դէմս Ատրպէյճանի, մենք գործ ունենք ահաբեկչական պետութեան հետ: Շտապօգնութեան աւտոմեքենան Ժընեւեան համաձայնագրի դրութների համաձայն չի կարող լինել խոցելի կէտ: Անհնար է դա, չի կարող այդպէս լինել, դա հակասում է միջազգային մարդասիրական բոլոր նորմերին: Սա ցոյց է տալիս, որ Ատրպէյճանը չի յարգում որեւէ իրաւական մարդասիրական նորմ»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:
Անոր փոխանցած տեղեկութիւններով՝ անձնակազմը բարեբախտաբար չէ տուժած, խոցման պահուն անձնակազմի անդամները հեռու եղած են: Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` այդ խոցումը կատարուած է դիտարուորեալ, ըստ երեւոյթին, մեքենան թիրախաւորած են անօդաչու սարքէն ստացած տեղեկութեան հիման վրայ:
Դաւիթ Բաբայեանը տեղեկացուցած է, որ գիշերը տեղ-տեղ հակառակորդը շարունակած է կրակել: «Ներկայում կարող ենք ասել, որ յարաբերական անդորր է»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական կողմի հրադադարի համաձայնութեան խախտման իբրեւ արդիւնք՝ այսօր գնդակոծուած է ԼՂՀ ՊԲ վիրաւոր զինծառայողներուն օգնութեան շտապող մեքենան: