Սփիւռքը Ոտքի Կանգնած Է. ԱՄՆ-ի Հայերը Վճռական Տրամադրուած Են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/london-kharabakh-634x4451.png)
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին վրայ վերջին օրերու բախումները լուրջ արձագանք ստացած են ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ` աշխարհով մէկ սփռուած հայերու շրջանին մէջ:
Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահ Էնթընի Պարսամեանը «Ամերիկայի ձայնին» տուած հարցազրոյցին մէջ կը յայտնէ, որ ամերիկայի հայերը մտադիր չեն տեղի ունեցած բախումները անպատիժ ձգելու: «Իրականութեան մէջ ամերիկայի հայ համայնքը սթափեցաւ եւ գիտակցեցաւ, որ Ղարաբաղին ու Հայաստանին վտանգ կը սպառնայ, եւ մենք այդ վտանգի կանխարգելման ուղղութեամբ լուրջ գործողութիւններ պիտի ձեռնարկենք»,-ըսած է էնթընի Պարսամեան:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի կարծիքով` ԱՄՆ-ի այս մոլորեցնողհաւասար վերաբերմունքը չի նպաստեր խաղաղութեան հաստատման: Անոր խօսքով` այս պահուն անհրաժեշտ է պարզել, թէ բախումներէն յետոյ ինչպիսի օգնութեան կարիք ունին Արցախի բնակիչները, որպէսզի իրենք իրենց գործը իմանան:
Մանրամասները` տեսանիւթին մէջ: