Դուք Կը Կռուիք Ձեր Հողին Համար Եւ Դուք Պիտի Յաղթէք. Մանիսեսի Քաղաքապետ

Ապրիլ 5-ին  հանդիպում մը տեղի ունեցած է Վալենսիոյ Արարատ Հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեանի եւ Մանիսեսի քաղաքապետ Խեսուս Պոռասի (Jesօs Borrոs) միջեւ, որուն ներկայ էին նաեւ խորհրդականներ Մանուէլ Կուտիեռեսը (Manuel Gutierrez) ու Քարլոս Լոփեսը (Carlos Lցpez):  Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն Վալենսիոյ Արարատ միութենէն:

Հանդիպման առաջնահերթ նպատակն էր` խորհրդակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Տէր-Զօր եւ Սպանիոյ Մանիսես քաղաքներու եղբայրացման ժամկէտներու որոշումը, որուն, ամէնայն հաւանականութեամբ, ներկայ կը գտնուի Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արսէն Առստամեան:

Քաղաքապետը եւ խորհրդականները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին մեր Երկրորդ հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ` Մանիսեսի աջակցութիւնը արցախցիներուն: «Ես գիտեմ, որ Հայաստանը եւ Արցախը պատերազմ չեն ուզեր: Սակայն, ինչպէս կը տեսնեմ, ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմ է, որ կ’ուզեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Բայց համոզուած եմ, որ այս անգամ ալ դուք` հայերդ, կը յաղթէք, որովհետեւ դուք կը կռուիք ձեր հողին, ձեր օճախին համար»,- իր խօսքին մէջ նշեց Մանիսեսի քաղաքապետ Խեսուս Պոռասը:
Յիշեցնենք, որ Մանիսեսը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Սպանիոյ 12 քաղաքներէն մէկն է, որ մօտ օրերս նաեւ համաժողով պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

 

Scroll Up