Կլէնտելահայ Աշակերտները Հայ Զինուորի Կողքին Են
Ապրիլ 4-ին Կլենտէլի «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան մէջ յիշատակի փոքրիկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է` նուիրուած Արցախի մէջ կենաց-մահու պայքար մղող հայ զինուորներուն:
Ձեռնարկին ժամանակ երեխաները ներկայացուցած են իրենց հոգիէն բխած նկարներ, ուր իրենց երեւակայութեամբ պատկերած են մարտնչող հայ զինուորները, Հայաստանն ու Արցախը: Աւարտին աշակերտները աղօթած են հայ զինուորներու անվտանգութեան համար, ինչպէս նաեւ առանձին աղօթք յղած ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգիի հանգստութեան համար:
«Յուզումով կը հետեւինք, թէ ինչ իրադարձութիւններ տեղի կ’ունենան Արցախի մէջ, կը հպարտանանք հայ ժողովուրդի համախմբուածութեամբ եւ ռազմաճակատ մեկնող կամաւորներու արիութեամբ: Այս նախաձեռնութեամբ կ’ուզէինք հայ փոքրիկներուն նոյնպէս մասնակից դարձնել հայաստանեան կեանքին` անոնց գիտակցութեան մէջ վառ պահելով հայրենասիրութիւնն ու իրենց երկրին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը»,- «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ըսաւ «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան: