Լարուածութեան Աճ՝ Հայ-ատրպէյճանական Պետական Սահմանագօտիին Վրայ. ՀՀ ՊՆ

Անցեալ գիշեր եւ այսօր առաւօտեան զինուած դիմակայութեան լարուածութեան աճ արձանագրուած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ` ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Կոթի բնակավայրերու ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կողմը հայ դիրքապահներու եւ բնակավայրերու ուղղութեամբ կիրառած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, 60 եւ 82մմ ականանետեր: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՀ մամուլի ծառայութիւնը:

ՀՀ ԶՈւ յառաջապահ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ հակառակորդի աշխոյժութիւնը ճնշուած է: Փոխհրաձգութեան ընթացքին բեկորներէ վիրաւորուած է պայմանագրային զինծառայող Զօրի Գորիսի Աշրաֆեանը (1983-ի ծնունդ):

ՀՀ զինուած ուժերը՝ դրսեւորելով զսպուածութիւն՝ կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել սահմանային իրավիճակը:

Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՀ մամուլի ծառայութիւնը:

Scroll Up