Սիսիանի Կամաւորական Խումբի Հանրակառքի Ոմբակոծութեան Հետեւանքով Զոհուած Են Դարբաս Եւ Ախլաթեան Համայնքներու Ղեկավարները

Մարտակերտի ճանապարհին հակառակորդին կողմէ Սիսիանի կամաւորական խումբի հանրակառքի գնդակոծման հետեւանքով զոհուած են Սիւնիքի մարզի Դարբաս համայնքի ղեկավար Մայիս Միրզոյեանը եւ Ախլաթեան համայնքի ղեկավար Արմէն Բեգլարեանը:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին  ըսած է Սիսիանի քաղաքապետ Աղասի Յակոբջանեանը:

«Հակառակորդի կողմից աւտոբուսի ռմբակոծութեան հետեւանքով զոհուել են Դարբաս եւ Ախլաթեան համայնքների ղեկավարները»,- նշած է Յակոբջանեանը:

Ան յայտնած է, որ հակառակորդին կողմէ ռմբակոծուած հանրակառքով Սիսիանէն կամաւորներու խումբ կը մեկնէր Արցախ:

ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած էր, որ հանրակառքի ռմբակոծութեան հետեւանքով զոհուած է 5 մարդ:

Scroll Up