ՀԲԸՄ-ը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու Յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի Վրայ

«ՀԲԸՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ եւ Եւրոմիութեան կոչ կ՛ընէ արտայայտելու յստակ դիրքորոշում»,-  «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ՝ այս մասին ըսուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

Ապրիլ 1-ին Ատրպէյճանի զինուժը նախաձեռնած է լայնածաւալ գրոհ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ, որուն հետեւանքով կան բազմաթիւ զոհեր: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական զինուժի յարձակումը, որ խախտած է հրադադարը, եւ կոչ կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան անվերապահօրէն դատապարտելու այս նոր յարձակումը: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է վստահ ըլլայ, որ ԵՄ անդամ պետութիւնները անտարբեր չեն մնար, եւ որ գրոհը պէտք է դադրեցուի: Եւրոմիութեան գործողութիւնները կրնան ներառել այնպիսի միջոցներ, ինչպիսիք են առեւտրային պատժամիջոցներու կիրառում, ֆինանսական հաշիւներու սառեցում եւ համատեղ ծրագիրներու չեղարկում` ներառեալ քարիւղային ենթակառուցուածքները: Ատրպէյճանի քարիւղի 60%-ը կ՛արտահանուի Եւրոպա:

Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ բոլոր պետութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն, մարդասիրական եւ խաղաղարար կազմակերպութիւններուն լսելի դարձնելու իրենց ձայնը` դատապարտելով այս յարձակումները, որոնք կը խաթարեն ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ հարաւարեւելքը հակամարտութիւններու շարունակական սրման պայմաններուն մէջ Եւրոպան իր շեմին չի կրնար իրեն թոյլ տալ եւս մէկ պատերազմ եւ պէտք է պաշտպանէ սեփական շահերէն բխող խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը իր անմիջական հարեւանութեամբ:  Հետեւաբար անհրաժեշտութիւն է, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ երկիրները յստակ դիրքորոշում արտայայտեն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ աննախադէպ լարուածութեան վերաբերեալ եւ սահմանեն այն պատժամիջոցները, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է կիրառուին:

Յարգանքներով` ՀԲԸՄ Հայաստան

Scroll Up