Եթէ Ատրպէյճանը Պատերազմ Սկսի, Ատիկա Պիտի Վերջանայ Պաքուի Մէջ Արցախի Դրօշի Ծածանումով. Դ. Բաբայեան
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համեմատաբար կայուն է իրավիճակը, բանակը կը շարունակէ վստահօրէն վերահսկել իրավիճակը: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, ըսած է ԼՂՀ մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան` պատասխանելով այն հարցին, թէ տուեալ պահուն ինչ վիճակ կը տիրէ սահմանի վրայ:
«Արցախը կողմնակից է խաղաղ կարգաւորման, սակայն եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ սկսի ապա դա վերջանալու է Արցախի դրօշի ծածանմամբ ատրպէյճանական Ռէյխստագի վրայ»,- ըսած է ան:
Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ որեւէ խուճապ չկայ: «Իհարկէ նման վիճակում կայ անհանգստութիւն, բայց որեւէ խուճապ չկայ: Մենք պաշտպանում ենք մեր հայրենիքը, մեր ապագան, մեր երեխաներին, իսկ Ատրպէյճանցի բնակչութիւնը ում պէտք է պաշտպանի, կոռումպացուած Ալիեւի՞ն»,- ընդգծած է ան:
Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ հաստատուած տուեալներով ղարաբաղեան ուժերը մարտագիծի հարաւարեւելեան ճակատին շարքէ հանած են 2 հրասայլ, հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` 1 հրասայլ եւ 1 անօդաչու թռչող սարք: Հակառակորդի «Կրատ» կայանքէն հրթիռահրետակոծութեան հետեւանքով սպաննուած է 12-ամեայ տղայ, եւս 2 երեխայ վիրաւորուած են: ԼՂՀ ՊԲ–ն խոցած է հայկական դիրքերը գրոհող ատրպէյճանական ուղղաթիռը, ինչպէս նաեւ յայտնաբերած ու ոչնչացուցած ատրպէյճանական յարձակող խումբ: