ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Մտադիր Է Ապրիլի Վերջը Այցելեկ Հայաստան եւ Ատրպէյճան. ԹԱՍՍ

ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն մտադիր է ապրիլի վերջը առաջին անգամ պաշտօնական այցով Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելել, ինչպէս նաեւ երկրորդ անգամ ըլլալով Վրաստան: Այդ մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ ԹԱՍՍ-ին յայտնած են համաշխարհային կազմակերպութեան քարտուղարութենէն:
«Չեմ կրնար յստակ ժամկէտներ նշել, բայց ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի մէջ Կլիմայի վերաբերեալ Փարիզեան համաձայնագրի ստորագրման արարողութենէն ետք»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը: Փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի Ապրիլ 22-ին:
ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքը ոչ հաստատած է, ոչ ալ հերքած յառաջիկայ այցի մասին տեղեկութիւնը: «Մենք չենք կրնար ատիկա հաստատել, սակայն, յուսով եմ, որ շուտով ըսելիք կ’ունենանք ատոր վերաբերեալ»,-ըսած է ան` պատասխանելով հարցումին: