Հայերը, Յոյներն Ու Քիւրտերը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած Են Էրտողանի Դէմ
Ամերիկայի հայերը քիւրտերու ու յոյներու հետ բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ուաշինկթընի մէջ Պրուքինկի հիմնարկի շէնքին առջեւ, ուր դասախօսութիւն կը կարդար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը:
Բողոքի ցոյցին մասնակցած են նաեւ եզտիներու ու կիպրացիներու համայնքներու, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու հարցերով կազմակերպութիւններու ու նոյնիսկ քանի մը ընդդիմադիր թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, կը յայտնէ Ամերիկայի «Հայ դատի» յանձնախումբը:
Ցուցարարներու ձեռքերուն պաստառներ էին` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման, քիւրտերու դէմ ճնշումներու, ԻՊ-ին Թուրքիոյ աջակցութեան մասին: Կը լսուէին «Կեցցէ Քիւրտիստանը, կեցցէ Հայաստանը» կարգախօսները:
Ամերիկայի «Հայ դատի» յանձնախումբը կը յայտնէ, որ Էրտողանի թիկնապահները թուրք լրագրողներուն թոյլ չէին տար մօտենալ բողոքի ցոյցին: Լրագրողներէն մէկուն դահլիճէն հանած էին դեռ մինչեւ Թուրքիոյ նախագահին գալը, թիկնապահները անոր գետին ձգած էին ու մէկ այլ թղթակիցի մըն ալ` ծեծած:
Շէնքին դիմաց մէկ այլ ցոյցի մասնակիցներն ալ իրենց աջակցութիւնը կը յայտնէին Թուրքիոյ կառավարութեան, անոնք «մենք կը սիրենք Էրտողանը» գրութեամբ վերնաշապիկներ հագած էին: