Սթոքհոլմի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է ՀՀ Անձնագիրներու Յանձնում

Մարտ 29-ին Սթոքհոլմի ՄԷջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան ՀՀ քաղաքացիի առաջին անձնագիրներ յանձնեց Սոնա, Լուսինէ եւ Արսինէ Տէմիրեաններուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն:

Շնորհաւորելով դեռահասները ՀՀ քաղաքացիութեան ձեռք բերման կապակցութեամբ` դեսպան Ապիտոնեան նշեց, որ սա կարեւոր պահ է սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար, որոնք հնարաւորութիւն ունին ստանալու ՀՀ անձնագիրներ` ալ աւելի ամրապնդելով իրենց կապը Հայաստանի հետ եւ վերահաստատելով իրենց ձգտումը մշտապէս ըլլալու մայր հայրենիքի կողքին:

1 2 4 5
Scroll Up