ՀՀ Նախագահին Հետ Հանդիպելու Պատճառով Թուրք Նախկին Պաշտօնեային Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած Է

Թուրք նախկին պաշտօնեային նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է` ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու պատճառով: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet»  թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանի նախկին ղեկավար (2004-2014 թուականններ) Ապտուլլահ Տեմիրպաշը մեղադրուած է «առանց կառավարութենէն թոյլտուութիւն ստանալու» ՀՀ նախագահին հետ հանդիպելուն մէջ:

Նշենք, որ Տեմիրպաշը 2015-ի Օգոստոս 4-ին Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած թրքական պատուիրակութեան անդամ էր: Պատուիրակութիւնը կազմուած էր Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (ԺԺԿ-HDP) ու «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» (ԽԺԿ-BDP) ղեկավար ներկայացուցիչներէ:

Յարուցուած հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած եւ 2016-ի Յունուար 27-ին հրապարակուած տեսչական զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս արձանագրուած է, որ  Տեմիրպաշը 04.08.2016-ին HDP/BDP պատուիրակութեան հետ Հայաստան մեկնած է եւ հանդիպած  ՀՀ նախագահին հետ, որուն համար որպէս պատիժ 3 տարի ժամկէտով պէտք է կասեցնել անոր պաշտօնէական յառաջխաղացումը եւ տուգանել:

Առաջարկուած է նկատողութիւն եւ տուգանք սահմանել համատեղութեան կարգով ուսուցչկան գործունէութիւն ծաւալող Տեմիրպաշի նկատմամբ, քանի որ ան երկրէն դուրս կու գայ իր աշխատավայրը հանդիսացող դպրոցի տնօրէնին առանց տեղեակ պահելու այդ մասին:

Իր պաշտպանական խօսքին մէջ Տեմիրպաշը նշած է, որ Հայաստան մեկնած է ամառնային արձակուրդներու ընթացքին, հետեւաբար դպրոցի տնօրէնին տեղեկացնելու անհրաժեշտութիւն չկար: Ան այս մեղադրանքը որակած է որպէս «ճամբորդելու ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու» ոտնահարում:

Տեմիրպաշը տեղեկացուցած է, որ Սերժ Սարգսեան զինք հրաւիրած էր որպէս Սուր շրջանի  նախկին ղեկավար: Ան ընդգծած է, որ ՀՀ նախագահին հետ հանդիպիլը երբեք ալ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան համաձայն յանցանք չէ համարուած:

Նախկին պաշտօնեան  յայտնած է, որ ինք 3 անգամ հանդիպած է նաեւ Հռոմի Պապի եւ բազմաթիւ անգամ` ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներու հետ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ: Ան շեշտած է, որ ոեւէ պաշտօնատար անձի հետ հանդիպելու վերաբերեալ ոչ մէկ իրաւական սահմանափակում գոյութիւն ունի:

Տեմիրպաշի խօսքով` եթէ իր փաստարկներն ու ինքնապաշտպանութիւնը անհրաժեշտ արդիւնք չտան եւ Թուրքիոյ մէջ իրաւական մարմինները չչեղարկեն իրեն սպառնացող պատիժը, ապա անոր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) դիմել

Scroll Up