ՀԲԸՄ-ի Եւ Ֆրանսահայ Կուրտիկեան Ընտանիքի Հերթական Աջակցութիւնը` Սուրիահայ Ընտանիքներուն
Հերթական աջակցութիւնը` սուրիահայ ընտանիքներուն Մարտ 30-ին Սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոնին մէջ գործող «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հ/կ-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ հաւաքագրուած եւ ձեռք բերուած հագուստներու հերթական խմբաքանակի բաշխումը: Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հ/կ-ի նախագահ Լենա Հալաճեան, ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եակուբեան, ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնակատար Յովիկ Եորտեկեան եւ այլ հիւրեր:
«Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն ուղղուած հերթական աջակցութիւնը ֆրանսահայ Կուրտիկեան ընտանիքին կողմէ է: Անոնք իրենց պատկանող «Տեքստօ» ընկերութեան միջոցով տրամադրած են 155.000 եւրօ արժողութեան տարբեր սեռի եւ տարիքի համար նախատեսուած աւելի քան 4200 կտոր հագուստ, որ քանի օր մը շարունակ կը բաժնուի Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ շուրջ 1000 ընտանիքներու: Կուրտիկեան ընտանիքը անցեալ տարի նոյնպէս նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է, որուն համար մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք»,-«Հայերն այսօրի»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հ/կ-ի նախագահ Լենա Հալաճեան:
ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան նախարարութեան անունէն եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Կուրտիկեան ընտանիքին` ցուցաբերած օժանդակութեան համար, եւ յոյս յայտնեց, որ նման ծրագիրները շարունակական բնոյթ կը կրեն: «Այս քայլը համազգային օգնութեան իւրատեսակ դրսեւորում է` դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած սիրիահայերի նկատմամբ: Անժխտելի է, որ մեր գանձը ազգային համախմբուածութիւնն է, որն օգնում է մեզ դուրս գալ անելանելի իրավիճակներից»,-ընդգծեց փոխնախարարը:
«Հայերն այսօրի»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին սուրիահայերը նոյնպէս երախտագիտութիւն յայտնեցին աջակցութեան համար եւ ըսին, որ նման նախաձեռնութիւնները իրենց ուժ կու տան:
Աւելցնենք, որ վերջին 4 տարիներուն ընթացքին ՀԲԸՄ-ը աւելի քան 3,2 միլիոն տոլարի օգնութիւն ցուցաբերած է սուրահայութեան` Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: