Տուտուկի Հնչիւններ Հեռաւոր Արժանթինի Մէջ

Մարտ 23-25 Պուէնոս Այրէսի Մարգարիտա Խիրկուի անուան թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է «Յիշողութեան երաժշտութիւն» փառատօնը` նուիրուած Արժանթինի մէջ ռազմական յեղաշրջման եւ բռնատիրութեան վերացման 40-ամեակին: Փառատօնը կազմակերպած էր մշակութային գործիչ Խորխէ Սատը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան, որ նոյնպէս մասնակցած է փառատօնին եւ ներկայացուցած Հայաստանը:
«Փառատօնին կը մասնակցէին Արժանթինի մէջ ստեղծագործող անուանի երաժիշտներ, որոնք ներկայացուցին արաժնթինեան ազգային երաժշտութիւնը, նաեւ ասմունքողներ կային: Ես, օգտուելով առիթէն, օտար հանդիսատեսին առջեւ հնչեցուցի Կոմիտասի «Չինար ես», «Հով, արէ՛ք», «Գարուն ա» եւ ֆրանսահայ երգահան Մարինա Քրիստինայի «Հայու հոգին» ստեղծագործութիւնները: Փառատօնին մասնակցութիւնս նուիրած էի Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին: Այդ մասին հանդիսատեսին բարձրաձայնեցի ելոյթէն ետք եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդեցի»,-«Հայերն այսօրի» թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Գագիկ Գասպարեան:
Փառատօնի ծիրէն ներս երաժիշտը նաեւ Պուէնոս Այրէսի Մորոնի շրջանի երաժշտանոցի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն համար շուրջ 4 ժամ տեւողութեամբ վերապատրաստման դասընթացք իրականացուցած է` նուիրուած հայ երաժշտութեան պատմութեան եւ հայկական փողային գործիքներուն: Դասախօսութեան մասնակցած է 30 մարդ:
«Բացի դասախօսութենէն, նաեւ տարբեր գործիքներով նուագեցի: Լսելով մեր մաքրամաքուր երաժշտութիւնը` օտարները հիացմունքի խօսքեր կը հնչեցնէին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէին, որ Արժանթինի մէջ կը տարածեմ հայկական մշակոյթը եւ անոնց հնարաւորութիւն կու տամ ծանօթանալու մեր երաժշտութեան: Ներկաներէն մէկը ըսաւ, որ մեր երաժշտական գործիքներէն հայ ժողովուրդին հազարամեայ պատմութիւնը կը զգամ: Աղջիկ մըն ալ նկատեց, որ տուտուկի հնչիւնները անոր հոգիին այնպէս հասած են եւ այնպիսի ազդեցութիւն ձգած, որ կարծես կը լսէ աշխարհի ձայնը եւ կը տեղափոխուի հին դարաշրջան»,-իր խօսքը եզրափակեց Գագիկ Գասպարեան: