Ցաւակցական նամակ`ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանային յանձնախումբի փոխատենապետ, ՀԵԸ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարօ Ճըղըլեանի մահուան մասին

ԿԱՐՕ ՃԸՂԸԼԵԱՆԻ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ,
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Խոր ցաւով տեղեկացանք հայ ազգային գործիչ, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանային յանձնախումբի փոխատենապետ, ՀԵԸ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարօ Ճըղըլեանի մահուան մասին:
Կարօ Ճըղըլեան իր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակն էր: Անոր ողջ գիտակցական կեանքը, ծաւալուն եւ նպատակասլաց գործունէութիւնը իրենց դրսեւորումը գտան ազգային հասարակական ամենատարբեր բնագաւառներէն ներս. ծառայասէր ու նուիրեալ հայորդին այնտեղ էր ուր պէտք էր, յատկապէս մշակութային ոլորտէն ներս իր ծաւալած գործունէութեան շնորհիւ ան կրցաւ ներդրում ունենալ հայու ոգին վառ պահելու գործին մէջ:
Կարօ Ճըղըլեան անձնուիրաբար մասնակցեցաւ համայնքի խնդիրներու լուծման, ծառայեց հայ ազգին ու Հայրենիքին` յատկապէս աջակցեցաւ Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի Անդրանիկ սկաուտական ճամբարի հիմնադրութեան գործին եւ նպաստեց Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:
Համոզուած ենք, որ հեղինակաւոր մարդու, սիրելի հօր, նուիրեալ ամուսինի եւ հաւատարիմ ընկերոջ բարի անունն ու յիշատակը միշտ վառ պիտի մնան անոր հարազատներու, մերձաւորներու եւ ընկերներու յիշողութեան մէջ:
Անդառնալի կորուստի այս դժուարին պահուն խորապէս կը կիսենք ձեր վիշտը:
Ընդունեցէք մեր անկեղծ եւ սրտագին ցաւակցութիւնները:
Աստուած լուսաւորէ մեր ազգի արժանաւոր զաւակի հոգին:
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ