Ս. Զատիկը` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի, 27 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Հալէպահայութիւնը իր հոգեւոր պարտականութիւնը բարձր գիտակցութեամբ կատարեց: Լեցուն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ներքնասրահը ու շրջափակը խուռներամ հաւատացեալներով:
Սուրբ եւ անմահ պատարագը հանդիսապետեց եւ պատարագեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը:
Սրբազանը Ս. Աւետարանէն բնաբան ընտրած էր «Յիշէ՛ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս Յիսուսը» (Բ.Տմ 2.8):
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան ու մեր ժողովուրդի վերյառնումին գաղափարները միազանգելով` Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կը յայտնէր խաչին, տառապանքին, նեղութեան ու չարչարանքներուն յաջորդող պայծառ առաւօտեան` Յարութեան մասին:
Սրբազանը ապա, կ՛աւելցնէր. «Ունեցեր ենք տագնապներով լեցուն դարեր. այսօր ու այս ժամանակներուն մէջ ալ ունինք բացասական վիճակներով ու անախորժ անակնկալներով յղի կացութիւններ, սակայն յիշելով Տիրոջ մեզի համար կրած չարչարանքները ու մտաբերելով, խոկալով ու յիշեցնելով Անոր մահուան վրայ տարած գերազանց յաղթանակը` Յարութիւնը, յիշելով նահատակութեան ճանապարհէն քաջաբար քալած մեր նախնեաց արիական ոգին ու աներկմիտ հաւատքը, ներկայ օրերուն եւ սուրիական տագնապին մէջ իրաւունքը չունինք այլ հոգեբանութեամբ` փախստականի ու գաղթականի վախկոտ վերաբերմունքով տնօրինել մեր ազգային կեանքը իր բոլոր երեսներով: Ժամանակակից մեր նահատակներն ալ Տիրոջ յարութեամբ պիտի վերապրին Անոր լոյսին ու փառքին մէջ: Յիսուս Քրիստոսի յարութեան աւետումով եւ յիշատակութեամբ սկիզբ կ՛առնէ Յարուցեալով նորոգուած մեր նոր կեանքը»:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը կ՛աւարտէ, ըսելով «Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, յանուն սուրիահայ մեր ժողովուրդին, որդիական երախտագիտութիւն ու շնորհաւորութիւն կը յայտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, արեւշատ օրերու եւ բարի ծրագիրներու իրականացման լաւագոյն մաղթանքով: Այս առթիւ կ՛ողջունենք սուրիահայ համայնքապետերը եւ համայնքները, ազգային իշխանութիւնը, համայնքային կառոյցները, միութիւնները եւ յատկապէս մեր սիրեցեալ ու հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, մաղթելով որ Յարուցեալը ո՛չ միայն պահէ ու պաշտպանէ մեր համայնքն ու Սուրիան, այլ համայն հայութիւնն ու հայոց հայրենիքը»:

PERIO NEWS

Scroll Up