Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի Պատգամը Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով` 27 / 3 / 2016
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/8-1-2016-32-1.jpg)
«Յիշէ՛ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս Յիսուսը» (Բ.Տմ 2.8):
Սուրբ Յարութեան լոյսն է դարձեալ, որ կը ծագի եւ կը բացուի մարդկութեան ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայ: Յարուցեալը կը հանդիպի յուսահատութեան ախտով վարակուածներուն եւ զանոնք նոր կեանքին եւ կեանքի նոր ըմբռնումին ու իրականութեան կը հրաւիրէ: Աւետաբեր հրեշտակը, այս անգամ յանդիմանական շեշտով, «իւղաբեր կանանց» կը յայտնէ. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ: Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ» (Ղկ 24.5-6): Հրաշափառ Յարութիւնը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին առնչուած սոսկ անցեալին պատահած դէպք մը չէ, այլ մարդկութեան, բայց մանաւանդ Անոր հաւատացողներուն տրուած ամենազօրեղ երաշխիքն է, թէ Յարուցեալին հանդէպ ամբողջական ու կատարեալ հաւատք ունեցող մարդը «թէպէտեւ մեռնի` պիտի ապրի» (Յհ 11.25), յարութիւն պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ստանայ: Այս պատճառով ալ Քրիստոսի յարութիւնը քրիստոնէական կրօնքի իւրայատկութիւնն է, աւելին` իր ինքնութիւնն իսկ է:
Այս գերազանց տօնին ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ սրբազան Պօղոս առաքեալին, իր աշակերտին` Տիմոթէոսին գրած նամակին մէջ կատարած թելադրութեան վրայ, զորս իբրեւ բնաբան ընտրած եմ մեր հոգեւոր խորհրդածութեան ու զատկական սոյն պատգամին համար: Առաքեալը յարութեան քրիստոնէական հաւատքը իբրեւ սրբազան աւանդ փոխանցելով իր աշակերտին (Բ.Տմ 2.1-2), տագնապի ու վերիվայրումներուն մէջ, կը քաջալերէ եւ կը հրաւիրէ զինք հաւատարիմ զինուորի նման չարչարակից ըլլալ (Բ.Տմ 2.3) հաւատքի հիմնադիրին ու ախոյեանին` Յիսուսին (Եբր 2.2), որուն խորհուրդը հասկնալու իմաստութիւնը Տէրը Ինք պիտի շնորհէ (Բ.Տմ 2.7), որպէսզի արժանի ըլլայ վերականգնումի ու կեանքի նորոգութեան, եւ որուն հետ եթէ մեռնինք «իրեն հետ ալ պիտի ապրինք: Եթէ համբերենք` իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք» (Բ.Տմ 2.11-12): Ուստի, եզրակացնելով կը յայտարարէ. «յիշէ՛ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս Յիսուսը, որ Դաւիթի սերունդէն էր, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն»: Այստեղ առաքեալը կարեւոր ու հիմնարար երկու սկզբունքներ կը հաստատէ. նախ` մարդեղացեալը (Դաւիթի սերունդէն) սպասուած Մեսիան` Օծեալ Փրկիչն է, յետոյ` մեռելներէն յարուցեալը նոյն ինքն Աստուծոյ Որդին է: Յետոյ, Տիմոթէոսին նուիրական պարտականութիւն կը յանձնէ. «բոլորին յիշեցուր այս բաները» (Բ.Տմ 2.14): Աշակերտը եւ այս պարագային մենք մեր տեսադաշտին մէջ ունինք մարդեղացեալ ու խոստացեալ Մեսիան, որ ո՛չ առ երեւոյթ խաչ բարձրացուեցաւ ու մահացաւ, այլ իսկապէս ու իրողապէս գերեզմանի մեռելութենէն յաղթական դուրս եկաւ` ապահովեց մեր յարութիւնը:
Աստուծոյ փրկագործական խորհուրդի հասկացողութեան մէջ կարեւոր, նոյնիսկ կեդրոնական նշանակութիւն ունի յիշելու գործողութիւնը: Հետեւաբար «յիշէ՛»ն կապ ունի ո՛չ միայն յարութեան, այլ` Յարուցեալին: Յիշելու գործողութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ ողջ փրկագործութեան պատմութիւնն ու մարդկութեան փրկութիւնը: Յիշելը մարդկային պարզ իմացականութեան կամ զուտ հոգեկան գործողութեան մը, տեղեկութիւններ վերարտադրելու ընթացք մը կամ վարժութիւն մը չէ: Յիշելը յառաջատեսական ու յառաջադիմական արժէք ունի` անցեալի փորձառութեան գործածութիւնը ներկային ու մանաւանդ գալիքին մէջ:
Աստուածաշունչ մատեանը մեծ տոկոսով յիշողութեամբ վերարտադրութիւնն է Աստուծոյ պատգամներուն եւ վերապատումը պատմական փորձառութեամբ ապրած մարդոց հաւատքի կեանքին: Երբ Սուրբ Գիրքը կ՛ընթերցենք եւ մեր կարդացածներուն մասին կը մտածենք, զարմանքով կ՛անդրադառնանք որ այնտեղ մշտական կերպով յիշելու եւ յիշեցնելու լուռ կամ ձայնաւոր գործընթաց մը կայ` խոկալ, յիշատակել կամ ոգեկոչել: Հին Կտակարանին մէջ յիշելու հրաւէր կը տրուի մարդոց եւ անոնց խնդրանքն է իրենց Արարիչէն, որ զիրենք եւս յիշէ կամ ուշադրութիւնը դարձնէ ու միջամտէ իրենց կեանքի կարեւոր, հաւանաբար մարդկային կարողութեամբ անլուծելի հարցի մը կամ կացութեան մը մէջ: Ծնունդներու գիրքին մէջ (Ծն 8.1), ջրհեղեղի նկարագրականին մէջ, Աստուած կը յիշէ Նոյը, որ տապանին մէջ իր ընտանիքով ու Աստուծոյ թելադրած կենդանական եւ բուսական աշխարհով կը ծփար ջուրերուն վրայ, եւ Տէրը յիշելով կը փրկէ զանոնք: Ասիկա ցոյց կու տայ որ յիշելու գործողութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ յատուկ ու համապատասխան արարքի մը, իսկ Աստուծոյ պարագային` փրկագործական արարքին (Ծն 19.29, Ելք 2.24, տե՛ս Սաղմոսներ` բազմաթիւ անգամներ Սղ 105.8,42, 106.45):
Յիշել կը նշանակէ մտածելով նպատակ մը իրագործել: Եբրայեցիները իրենց աղաչանքներն ու աղօթքները կը բարձրացնէին Աստուծոյ, յատկապէս նեղութեանց ու վտանգներու մէջ, կը խնդրէին որ Ան յիշէ Իր ուխտը եւ Իր ժողովուրդը (Ծն 9.15-16, Ելք 6.5, Ղեւ 26.42,45, Թւ 10.9, Եր 31.20, Եզ 16.60): Մովսիսական օրէնքներու ուսուցման ու մասնաւորաբար պաշտամունքին կամ ծէսին, յատկապէս աղօթքներուն մէջ յիշելը առնչուած է լսելուն, որ իր կարգին կը նշանակէ հնազանդիլ, իսկ կրօնական հասկացողութեամբ` հաւատալ: Այսպէս, Օրէնքին կորիզը կազմող կարեւորագոյն երկու յայտարարութիւնները` Տասնաբանեան եւ Հաւատամքը: Տասնաբանեային չորրորդ յօդուածը կը թելադրէ յիշել Շաբաթ օրը եւ պահել զայն, որովհետեւ Շաբաթը իր կարգին յիշեցումն է Աստուծոյ արարչական նկարագրին եւ գործունէութեան` փրկագործական խորհուրդին (Ելք 20.8,11, Բ.Օր 5.15): Ընդհանրապէս եբրայեցիներ պատիժներու կ՛ենթարկուէին, երբ մոռնային իրենց Տէրն ու Անոր օրէնքները. այդ պատճառով ալ մեծ մարգարէին` Մովսէսի ճամբով թելադրուած էր հաւատացեալներուն իրենց քղանցքներուն ծայրամասերը կապել կամ ծոպեր հիւսել, որպէսզի յիշեն Տիրոջ բոլոր պատուիրանները, անոր կամքին համաձայն ապրին եւ ոչ թէ իրենց սրտին ցանկութեան համապատասխան (Թւ 15.39):
Հին Կտակարանի երկայնքին արձանագրուած տօներն ու տօնախմբութիւնները, հիմնականին մէջ, տարբեր ձեւերով ճիգեր էին` ժողովուրդին գիտակցութիւնը բարձրացնելու հանդէպ իրենց ստեղծողին եւ ազատարարին: Յիշելու լաւագոյն միջոցը, հոգեբանօրէն բացատրուած, կրկնութիւնն է եւ յատուկ առարկաներով կամ անձերով հիմնական իրականութեան ներկայացումն է: Եբրայեցիներու կեանքին ամենակարեւոր պահը Եգիպտոսէն ելքի դէպքն է (Ելք 12.14-20, 13.3-10): Այդ դէպքին յիշեցումը կ՛իրականանար զատկական արարողութեամբ, մասնաւորաբար գառնուկի մը զենումով, ի նշան եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուելուն, որ թէ՛ սեփական, թէ՛ ազգային ու հաւաքական առումով փրկութեան ապահովագրութիւնն էր, տօնախմբութեամբ` փրկութեան վերահաստատումն էր ու մանաւանդ, նոր ժամանակներու մէջ անգամ, փրկութեան կարելիութիւն ըլլալուն հաւատքն էր, եւ ըստ այնմ թելադրութիւնը կար խորհելու, խօսելու, գործելու, մէկ խօսքով` ապրելու փրկութեան յոյսով:
Յիշելը, սուրբ գրային հասկացողութեամբ, բազմաթիւ գործածութիւններ ունի, ինչպէս զգացական պահեր (դրական կամ բացասական), նոյնպէս փորձառական, անցեալին վերաբերող (ինչպէս, նեղութեան ու տառապանքի ժամանակները), աւելին` մեղքերն ու պարտաւորութիւնները յիշել, յիշել Մովսէսի խօսքերը եւ անոր ճամբով Աստուծոյ պատգամները, եւ այս բոլորին մէջ ժամանակ, տեղ, անձ եւ դէպք կը դառնան ո՛չ միայն պատճառը յիշելուն, այլ` մարդու գոյութեան ու մասնաւորաբար մարդու երկրաւոր եւ նիւթեղէն աշխարհի պարտադրանքներէն ազատագրուելուն եւ յաւիտենական կեանքին հասնելուն` փրկուելուն: Այս իմաստով յիշել կը նշանակէ ամբողջական կերպով ճանչնալ, հասկնալ եւ ըմբռնել իմաստն ու նշանակութիւնը Սուրբ Գիրքին, Տիրոջ խօսքերուն ու գործերուն, բայց մանաւանդ Տիրոջ` Օծեալ Փրկիչին ու անոր գերազանց նուիրումին` փրկագործութեան: Եթէ յիշելը, մարդկային հոգեբանութեան մէջ, մարդկային ճիգի մը հետեւանքն ու արդիւնքն է, քրիստոնէական հասկացողութեամբ որքա՛ն ալ կարեւոր ըլլայ մարդկային ճիգը, սակայն Սուրբ Հոգիին միջամտութիւնը եւ յիշելու կարողութեան պարգեւը անհրաժեշտ է: Այս պատճառով Տէրը իր աշակերտներուն հետ ունեցած Վերջին Ընթրիքի երկար զրոյցին մէջ, իբրեւ քաջալերանք եւ մխիթարութիւն, կը խոստանայ Հօրը կողմէն Սուրբ Հոգին ղրկել, որուն գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է «ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի» (Յհ 14.26):
Նոր Կտակարանին, յատկապէս Աւետարաններուն նկարագրութեամբ, Աստուծոյ Որդին եւ մարդկութեան Փրկիչը, ապրեցաւ մարդոց մէջ, յիշեցուց Աստուծոյ խոստումը` հաւատարիմ մնալով Իր խոստումին եւ Իր ողորմութիւնը ցոյց տալով (Ղկ 1.54,72), իր անձով իրագործեց փրկութեան կամ ազատագրութեան յաւիտենական խոստումը, երբ Վերջին Ընթրիքին յիշելով ելքի դրուագը, գառնուկի ճաշակումին փոխարէն հացն ու գինին` Իր մարմինն ու Իր արիւնը ընծայեց մարդկութեան փրկութեան համար եւ հոն, այդ պահուն իսկ թելադրեց «ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս» կամ «զիս յիշելով» (Ղկ 22.19, Յհ 18.28, 19.14,31-36, Ա. Կր 5.7,11.23-26 նաեւ Ա.Պտ 1.19, Յյտ 5.6):
Այսօր մեր Փրկչին գերեզմանէն դուրս գալուն, մեռելներու մեռելութենէն կեանքին վերադառնալու` հրաշափառ Յարութեան տօնն է: Այսպէս յիշեցին Տէր Յիսուսի աշակերտները իրենց վարդապետը եւ յիշեցուցին իրենց կարգին աշակերտներն ու հաւատացեալները, թելադրելով «յիշէ՛» (Ա.Կր 4.17, Բ.Պտ 3.1-2): Արդարեւ, Նոր Կտակարանը, որ տրամաբանօրէն յետ յարութեան կատարուած անհատական ու հաւաքական յիշողութիւններու համադրումով կատարուած արձանագրութիւնն է, մեզի արձագանգներ կը պահէ աշակերտներու վկայութիւններէն, որոնք մեծ վարդապետին խօսքերն ու գործերը չէին կրցած հասկնալ մինչեւ իր հրաշափառ յարութիւնը, ինչպէս նաեւ սպասուած Մեիսիային` Քրիստոսին գալստեան ու անոր առաքելութեան մասին Հին Կտակարանեան մարգարէութիւնները յիշելով հասկցած էին թէ Յիսուս Քրիստոս մեզի` մարդոցս համար ծնաւ, մեր մեղքերուն քաւութեան համար խաչին վրայ զոհագործուեցաւ եւ մեզի յաւիտենական կեանք պարգեւելու համար մահուան վրայ յաղթանակ տարաւ` յարեաւ (Յհ 2.17,22, 12.16):
Մեր ժողովուրդի պատմական փորձառութիւնը այսօր եւս ցոյց կու տայ, որ հրաշափառ յարութեան ու մանաւանդ Յարուցեալին հանդէպ մեր հաւատքով, հաւաքաբար շահած ենք ապրելու, ստեղծագործելու եւ գոյատեւելու մերձաւոր ու հեռաւոր լուսաւոր ապագայի յոյսը: Ունեցեր ենք տագնապներով լեցուն դարեր. այսօր ու այս ժամանակներուն մէջ ալ ունինք բացասական վիճակներով ու անախորժ անակնկալներով յղի կացութիւններ, սակայն յիշելով Տիրոջ մեզի համար կրած չարչարանքները ու մտաբերելով, խոկալով ու յիշեցնելով Անոր մահուան վրայ տարած գերազանց յաղթանակը` Յարութիւնը, յիշելով նահատակութեան ճանապարհէն քաջաբար քալած մեր նախնեաց արիական ոգին ու աներկմիտ հաւատքը, ներկայ օրերուն եւ սուրիական տագնապին մէջ իրաւունքը չունինք այլ հոգեբանութեամբ` փախստականի ու գաղթականի վախկոտ վերաբերմունքով տնօրինել մեր ազգային կեանքը իր բոլոր երեսներով: Ժամանակակից մեր նահատակներն ալ Տիրոջ յարութեամբ պիտի վերապրին Անոր լոյսին ու փառքին մէջ: Յիսուս Քրիստոսի յարութեան աւետումով եւ յիշատակութեամբ սկիզբ կ՛առնէ Յարուցեալով նորոգուած մեր նոր կեանքը:
Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, յանուն սուրիահայ մեր ժողովուրդին, որդիական երախտագիտութիւն ու շնորհաւորութիւն կը յայտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, արեւշատ օրերու եւ բարի ծրագիրներու իրականացման լաւագոյն մաղթանքով: Այս առթիւ կ՛ողջունենք սուրիահայ համայնքապետերը եւ համայնքները, ազգային իշխանութիւնը, համայնքային կառոյցները, միութիւնները եւ յատկապէս մեր սիրեցեալ ու հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, մաղթելով որ Յարուցեալը ո՛չ միայն պահէ ու պաշտպանէ մեր համայնքն ու Սուրիան, այլ համայն հայութիւնն ու հայոց հայրենիքը:
Յիշենք ու յիշեցնենք`
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի. ալէլուիա:
Տօն Ս. Յարութեան ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
27 Մարտ 2016 ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ