Հռոմի Պապը Շնորհաւորած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի Թեմի Առաջնորդը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Pap1.jpg)
Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանը` վերջինիս հոգեւոր ծառայութեան 25-ամեակին առթիւ: Այս մասին , ըստ Panorama.am-ի, կը տեղեկացնէ «prensaarmenia.com.ar» կայքը:
«Սիրելի’ եղբայր, հայ համայնքը կը նշէ Ձեր առաջնորդութեան 25-ամեակը: Շնորհակալական աղօթքով կը միանամ այս ուրախութեան: Թո’ղ Տէրը հատուցէ այն ամէն բարիքը, որ գործած էք եւ կը շարունակէք գործել: Շնորհակալ եմ Աստուծոյ Ձեր ծառայութեան համար եւ կ’աղօթեմ, որ այն շարունակէ արգասաբեր ըլլալ: Եւ կը խնդրեմ, որ յիշէք զիս Ձեր աղօթքներուն մէջ: Կը խնդրեմ փոխանցէք իմ ողջոյնները հայ համայնքի սիրելի ներկայացուցիչներուն»,- գրած է Ֆրանչիսկոս պապը:
Աղբիւրի փոխանցմամբ, Գիսակ արքեպիսկոպոսի ծառայութիւնը նշանաւորող ձեռնարկին ներկայ գտնուած են Արժանթինի կառավարութեան, հայ եկեղեցւոյ, հայ համայնքի եւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ:
Ներկաներէն հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ալպերթօ Ճերեճեան այս առիթով շեշտած է, որ Գիսակ արքեպիսկոպոսը Արժանթինի հայ համայնքի կարեւորագոյն առաջնորդներէն է: