Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» 2016թ. Ծրագիրի Պատասխանատուներու Մամլոյ Ասուլիսը

Մարտ 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2016թ. ծրագիրի պատասխանատուներու մամլոյ ասուլիսը:
Բանախօսներն էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, «Արի տուն» ծրագիրի համակարգող Ֆիրդուս Զաքարեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն ծրագիրին հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան համար եւ շեշտեց, որ «Արի տուն»-ը ոչ թէ հայրենադարձութեան, այլ հայրենաճանաչութեան ծրագիր է, որուն նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-Հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, ծանօթացնել ժողովուրդի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն, հայ ընտանիքի նիստուկացին:
Ս.Սրապիոնեան լրագրողներուն կոչ ըրաւ մասնակցելու ծրագիրի բոլոր փուլերուն, համակողմանիօրէն լուսաբանելու Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան` իր տեսակին մէջ եզակի այս ծրագիրը: Նշեց, որ թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ հայաստանեան ԶԼՄ-ները մեծապէս նպաստած են ծրագիրի կայացման:
«Արի տուն-2016» ծրագիրը ներկայացուց նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան: Ան նշեց, որ «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցիլ ցանկացողներու թիւը տարիէ տարի կ’աճի, ընդլայնուած է նաեւ երկիրներու աշխարհագրութիւնը:
2016թ. կը սպասուի 13-18 տարեկան շուրջ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի մասնակցութիւն: Ծրագիրի մանրամասներուն մասին կարելի է տեղեկանալ «aritun.am» կայքէն:
Աշխատակազմի ղեկավարն ընդգծեց, որ «Արի տուն – 2016» ծրագիրի մեկնարկը արդէն տրուած է, տեղեկատուական կազմը ուղարկուած է սփիւռքեան կառոյցներուն, եւ ստացուած են մասնակցիլ ցանկացողներու` այս ժամանակահատուածի համար անհամեմատ շատ յայտադիմումներ:
2016թ. ծրագիրը կ’ընթանայ 8 փուլով` Յունիս 12-էն Օգոստոս 27: 8-րդ փուլին (Օգոստոս 14-27) կը նախատեսուի նաեւ «Արի տուն» ծրագիրի առաջին 6 տարիներու 18 տարեկանը լրացած մասնակիցներու հաւաք:
2016թ. եւս «Արի տուն»-ը կ’իրականացուի հայաստանեան ընտանիքներէն ներս հիւրընկալութեան, Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր շրջագայութիւններու` 9-օրեայ եւ ճամբարային հանգիստի` 5-օրեայ ծրագիրով: Սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները կը ծանօթանան Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններուն, թանգարաններուն, տեսարժան վայրերուն (նախատեսուած են շրջայցեր 5 ուղղութիւններով` Օշական-Աշտարակ-Մուղնի, Սարդարապատ-Էջմիածին-Զուարթնոց, Գառնի-Գեղարդ, Խոր Վիրապ-Նորավանք եւ Սեւան): Շաբաթ եւ կիրակի օրերը արիտունցիները կ’անցնեն հիւրընկալ ընտանիքներուն հետ, իսկ վերջին 5 օրը` «Արի տուն» ճամբարին մէջ: Կը կազմակերպուին հայոց լեզուի դասընթացներ, այցելութիւններ թանգարաններ, շրջայցեր դէպի Հայաստանի տեսարժան վայրեր:
Ծրագիրի ճամբարային փուլին կ’իրականացուին նաեւ հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացներ, կ’ըլլան հանդիպումներ Հայաստանի պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ:
Շրջայցերուն եւ ճամբարային օրերուն խումբերուն հետ կ’աշխատին «Հայրենիք-Սփիւռք» կեդրոն» ՊՈԱԿԻ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները:
Մասնակիցներուն առջեւ իրենց դռները կը բանան ոչ միայն մայրաքաղաքի, այլեւ երեւանամերձ շուրջ 40 համայնքներու հիւրընկալ ընտանիքները: