Տեղի Պիտի Ունենայ «Մուսա Լերան 40 Օրը» Գիրքի Հունգարերէն Վերահրատարակութեան Շնորհանդէսը
Մարտ 29-ին, ժ.14.30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքի հունգարերէն թարգմանութեան վերահրատարակութեան շնորհանդէսը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 3, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքի 9-րդ յարկի դահլիճ):
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալէքս Աւանէսեան:
2015թ. Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս հունգարահայ համայնքին կողմէ հունգարերէն թարգմանութեամբ վերահրատարակուեցաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը:
Վէպը առաջին անգամ հրատարկուած է 1933թ. եւ մէկ տարի անց արժանացած «Տարուան լաւագոյն վէպ» միջազգային միցանակին: Այն լոյս տեսած է մօտ մէկ միլիոն օրինակով եւ թարգմանուած աշխարհի 36 լեզուներով: Հունգարիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ թարգմանուած եւ հրատարակուած է 1945թ.` այնուհետեւ վերահրատարակուած է 1957, 1965, 1966, 1973, 1978, 2001 եւ 2015 թուականներուն: