Քըլըչտարօղլու. «Թուրքիան Ինքնասպան Ահաբեկիչներ Պատրաստելու Վայր Դարձած Է»

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ-CHP) նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն կուսակցութեան համագումարի ժամանակ անդրադարձած է նախօրէին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթիւններուն, կը գրէ Ermenihaber-ը:
«Ահաբեկչութիւնը պէտք է խստօրէն դատապարտուի` անկախ անկէ, թէ ով կ’իրականացնէ եւ ուր կ’իրականացուի: Ես միշտ ըսած եմ, որ ահաբեկչութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է: Նմանատիպ իրադարձութիւններու նկատմամբ բոլորը պէտք է ընդհանուր դիրքորոշում ունենան: Պրիւսքէլի մէջ կազմակերպուած պայթիւնները մարդկութեան դէմ յանցանքի դրսեւորումներ են»,- ըստ CNNTurk լրատուական ծառայութեան` ըսած է ընդդիմադիր գործիչը:
Ակնարկելով իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ազկ)` ան ըսած է. «Յունիս 7-ին ընտրութիւններէն յետոյ ըսին «Նոյեմբեր 1-ին մեզի իշխանութեան բերէք այլեւս զոհեր (PKK-ի հետ բախումներու մէջ զոհուող թուրք զինուորներ-EH) չեն ըլլար»: Ձեզ խօսք տուողները դրժեցին իրենց խոստումը: Ձեզի խաբեցին: Սպառնալիքով ու շանթաժով խաբեցին»:
Քըլըչտարօղլուն նաեւ աւելցուցած է. «Թուրքիան այնպիսի վիճակի հասած է, որ աւելորդ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին խօսիլը, աւելին` Թուրքիան ինքնասպան ահաբեկիչներ պատրաստելու վայր դարձած է: Կ’ուզե՞ս դառնալ մահապարտ ահաբեկիչ: Գնա՛, Թուրքիոյ մէջ պատրաստութիւն անցիր»: