«Երեխաներու Սէրը Անկեղծ Ու Իսկական է». Սիպիլը «Օրրան»ի Մէջ

Օրերս պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, որ շուրջ մէկ ամիս կը գտնուի Երեւանի մէջ, այցելած է «Օրրան» բարեգործական կեդրոն, ուր հանդիպած է կեդրոն յաճախող երեխաներուն հետ: Սիրուած երգչուհին կեդրոնի սաներուն հետ ջերմ ու մտերմիկ զրոյց ունեցած է, ծանօթացած անոնց առօրեային ու անգամ երգած են միասին:

2 3 4 5 6 7 8 9 10

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ երգչուհին շատ մեծ տպաւորութիւններ ու լիցքեր  ստացած է այդ հանդիպումէն: «Երեխաներու սերը անկեղծ ու իսկական է: Շնորհակալ եմ սիրտս սիրով ջերմացնելու համար»,-գրած է Սիպիլը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Scroll Up