Թուրքիոյ Մէջ Մշակոյթի Տան Վերածուող Հերթական Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ Մարդկային Ոսկորներ Յայտնաբերած Են

Թուրքիոյ Մուղլա նահանգի Տատչա շրջանին մէջ 19-րդ դարուն կառուցուած յունական եկեղեցին որոշած են դարձնել մշակոյթի տուն:

Ըստ թրքական «Demokrathaber.net» լրատուական կայքի` վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին հին գերեզմանոց ու մեծ թիւով մարդկային ոսկրակտորներ յայտնաբերուած են, կը տեղեկացնէ ermenihaber.am-ը:

1932 թուականէն ետք տեղի յոյն բնակչութեան հեռանալէն ետք լքուած եկեղեցին 1970-էն  ի վեր տեղական իշխանութիւններուն կողմէ որպէս պահեստ օգտագործուած է:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ ասիկա  առաջին դէպքը չէ, երբ լքուած կամ կիսաւեր հայկական ու յունական եկեղեցիները կը վերածուին շրջանային կամ քաղաքային մշակութային տուներու:

Scroll Up