Հալէպի Մէջ Զինեալ Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Կը Խախտեն Զինադադարը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/12410520_814908981944463_7074601758691735658_n-1.jpg)
Այսօր, 18 Մարտ 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով զինադադարը Հալէպի մէջ, Պոսթան Փաշայի շրջանէն հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղի շրջանը (Սահաթ Բէժօ), որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 1955-ի ծնունդ Նուարդ Ֆուրունճեան-Ասատուրեան եւ վիրաւերուեցան շարք մը քաղաքացիներ։ Վիրաւորներուն պարագան մտահոգիչ չէ։
«Գանձասար»