Դրամական Պարգեւ` Լոնտոնի Հայկական Կեդրոնին

Լոնտոնի միութեան բարեգործական հիմնարդամը Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնին տրամադրած է 20.000 ֆունթ-սթերլինկ, որպէս բացառիկ պարգեւ` կեդրոնի քսանամեայ գործունէութեան կապակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնի ֆէյսպուքեան էջէն:
Սա մեծ խթան կը հանդիսանայ կազմակերպութեան համար եւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ աւելի կարեւոր գործեր ընել ի շահ Լոնտոնի հայ համայնքին: Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնը յառաջարկին խորհրդատուական եւ առողջապահական ծառայութիւն Լոնտոնի հայ համայնքին եւ համայնքին հետ կապուած անձանց: Կեդրոնը ունի մեծահասակներու եւ, երիտասարդներու ակումբ, ինչպէս նաեւ նախադպրոցականներուն համապատասխան յարմարութիւններ: Կեդրոնը ունի նաեւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ հարուստ գրադարան:
Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Միսաք Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է եւ նշած, որ ան չափազանց երախտապարտ է իրենց աշխատանքը եւ ջանքերը գնահատուելուն համար: Ան նաեւ նշած է, որ այս բարեգործութիւնը իսկապէս մեծ օգնութիւն էր իրենց համար այս չափազանց կարեւոր ժամանակահատուածին: «Այս պարգեւի շնորհիւ մենք պիտի կարենանք ալ աւելի արդիւնաւէտ ճանապարհներ գտնել մեր ծառայութիւնները մատուցելու համար»,-ըսած է Միսաք Օհանեան: