«Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի ՄԷջ». Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

Մարտ 23-24-ին, ժամը` 10:00-18:00, ԵՊՀ 8-րդ ուսումնական մասնաշէնքի (Հայ բանասիրութեան բաժանմունք) նախասրահին մէջ (հասցէ` Աբովեան 52 ա) ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» Հկ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ  «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ »խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը` նուիրուած Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Սուրբ Յարութեան տօնին:

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` ցուցահանդէս-տօնավաճառի ժամանակ պիտի ներկայացուին սուրիահայերու ձեռքի աշխատանքները` զարդեր, խմորեղէն, ճաշատեսակներ, համեմունքներ, ձեռագործ աշխատանքներ:

Scroll Up