Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Նկարահանուած Առաջին Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Ապրիլին

Ապրիլ 1-ին Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի ցուցադրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կորսուած թռչուններ» գեղարուեստական ֆիլմը: Երիտասարդ բեմադրիչներ Արէն Փերտեճիի եւ Էլա Ալեամաչի ֆիլմը կը պատմէ հայ երեխաներուն` քոյր ու եղբայր Մարիամի եւ Պետոյի մասին, որոնք 1915 թուականին կորսնցուցած են իրենց ընտանիքը:

«Կորսուած թռչուններ»-ը 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած առաջին ֆիլմն է: Հեղինակներն ու դերասանները Սթամպուլի հայկական Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ պատմեցին ֆիլմի ստեղծման ընթացքին մասին: Հիմնականօրէն հայ դերասանական խումբը միաբերան փաստեց, որ ֆիլմին մէջ տեսած է իր ընտանիքին, նախնիներուն պատմութիւնը:

Ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուած է անցեալ տարուան Նոյեմբերին` Միացեալ Նահանգներուն մէջ, «Արփա» միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս` արժանանալով երեք մրցանակի: Ֆիլմի բեմադիչ եւ սենարի համահեղինակ Արէն Փերդեճին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ «Կորսուած թռչուններ»-ուն նպատակն է` կամուրջ ստեղծել 1915-ի դէպքերուն շուրջ շարունակ բանավիճող կողմերուն միջեւ:

«Կորսուած թռչուններ» ֆիլմը կը պատմէ 1915 թուականին պատահած ողբերգութեան, վիշտին ու սարսափին մասին` երկու երեխայի աչքերով: Ֆիլմը մեզի կը յիշեցնէ այն ամէնը, ինչ որ կորսնցուցած ենք: Ֆիլմին նպատակն է միաւորել այս հարցով քաղաքական տեսանկիւնէ հակադիր բեւեռներուն մէջ գտնուող մարդիկ: Ամերիկայի մէջ ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ զգացինք, որ հասած ենք մեր դրած նպատակին: Այնտեղ շուրջ 800 հոգինոց հանդիսատես ունէինք, շատերը հեռուէն եկած էին: Բոլորը մեզի ըսին, որ ֆիլմը դիտող իւրաքանչիւր մարդ, ըլլայ ան սփիւռքէն, ամերիկացի, թուրք, թէ հայ, ստացած է մեր ուղերձը: Բոլորը կու լային, կը գրկախառնուէին…»,- կը պատմէ Արէն Փերդեճին:

Ի դէպ, ֆիլմի նկարահանման ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը: Հեղինակներուն խօսքով` նախարարութեան օժանդակութիւնը ընդունած են` սենարին չմիջամտելու պայմանով: Շուրջ երկու տարուայ աշխատանքի արդիւնքով ստեղծուած ֆիլմը քաղաքական խորք չի պարունակեր եւ կը ներկայացնէ հարիւր տարուան վաղեմութիւն ունեցող զգացմունքային հաւաքական պատմութիւն մը: Երիտասարդ բեմադիրչները յոյս ունին, որ ֆիլմը պիտի սիրէ նաեւ թուրք հանդիսատեսը: Բացի այդ, կ՛ակնկալեն նաեւ Հայաստանէն հրաւէր ստանալ:

«Եթէ Հայաստանէն հրաւէր ստանանք, շատ կ’ուզենք մեր ֆիլմով կիսուիլ նաև այնտեղի հանդիսատեսին հետ»,- կ’ըսէ Էլա Ալյամաչը:

Scroll Up