Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հայ Պատգամաւորի Աղօթքին Համար Ընդմիջած Է Աշխատանքները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Arm.-22-Feb.-Garo-Pailan.jpg)
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի պահանջով կիրակի տեղի ունեցած խորհրդարանական աշխատանքները ընդմիջուած են:
Ինչպէս կը հաղորդէ News.am-ը` յղում կատարելով թրքական Milliyet-ին, քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան նշած է, թէ խորհրդարանին մէջ ուրբաթօրեայ նամազի համար ընդմիջում կը յայտարարուի եւ պահանջած է իրեն համար ալ կիրակի եկեղեցի երթալու համար ընդմիջում յայտարարել:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունած է հայ պատգամաւորի պահանջը եւ կիրակի խորհրդարանական աշխատանքները 40 վայրկեանով ընդմիջած է` հնարաւորութիւն տալով հայ պատգամաւորին եկեղեցի երթալու:
Կարօ Փայլան իր հերթին օգտուած է ընդմիջումէն եւ այցելած խորհրդարանին ամենամօտ եկեղեցին, աղօթած եւ վերադարձած է խորհրդարան: