ԼՂՀ Բնակչութիւնը Կ’ունենայ Անվճար Առնուազն 8 Հեռուստաալիքներու Եւ 3 Ձայնասփիւռի Ալիքներու Ընդունման Հնարաւորութիւն
Մարտ 10-ին կայացած ԼՂՀ կառավարութեան նիստին հաստատուած է ԼՂՀ տնտեսական զարգացման ուղղուած 2016թ. պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին իրականացուող ձեռնարկներու ծրագիրը: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ aparaj.am կայք-էջէն:
Կառավարութիւնը հաստատած է ԼՂՀ 2016թ. պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին իրականացուող հեռուստառատիօ հաղորդումներու հեռարձակման գիծով ծառայութիւններու գնման պետական պատուէրի ծրագիրը եւ ցանկը: Ծրագիրի համաձայն` հանրապետութեան մէջ կ’իրականացուի եւս մէկ ընկերային ձեռնարկ` պետական աջակցութեամբ. հանրապետութեան բնակչութիւնը կ’ունենայ անվճար առնուազն 8 հեռուստաալիքներու եւ 3 ձայնասփիւռի ալիքներու ընդունման հնարաւորութիւն:
ԼՂՀ Տնտեսութեան նախարար Ա.Խաչատրեանի խօսքով` ծրագիրը կը հետապնդէ Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւններու տարածքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան յառաջատար հեռուստաալիքներու սփռման նպատակը:
Ծրագիրի իրագործման համար 2016թ.պետական պիւտճէին մէջ նախատեսուած է 240 մլն. ՀՀ դրամ: