Իրանի Մէջ Նշուեցաւ «Ակունք» Պարային Խումբի 30-Ամեայ Յոբելեանը

Մարտ 3-ին եւ 4-ին բազմամարդ էր Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահը, քանզի հանդիսատեսը եկած էր մասնակից ըլլալու «Ակունք» պարային խումբի 30-ամեայ յոբելեանին եւ դիտելու սաներու կատարումները, ղեկավարութեամբ` Կարինէ Մանուչերեանի: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Իրանահայեր կայք-էջէն:

Երկժամեայ ելոյթի ընթացքին, տարիքային տարբեր սահմանումներով եւ տարբեր խումբերու սաները ներկայացուցին` հայկական ժողովրդական միջազգային եւ իրանական աւանդական պարեր, որոնք հանդիսատեսին ներկայացուեցան երկու բաժիններով: Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ «Ակունք»-ի անցած 30-ամեայ աշխատանքները մարմնաւորող տեսաֆիլմ, որմէ ետք  մեկնարկեց ելոյթը, զուգորդուած ասմունքային կատարումներով: Ասմունքները կը ներկայացնէր Թաւրիզէն ժամանած Նայիրի Տիլանեան:

Երկրորդ բաժինը, որ լիովին յատկացուած էր հայկական պարերուն, աւարտեց «Սասունցիներու պար»-ը ասմունքային կատարումով, որ ներկաներու բուռն ծափողջոյններուն արժանացաւ եւ սաները միասնաբար ներկայացուցին ժողովրդական պարերու շարան:

Կատարումներու աւարտին բեմ հրաւիրուեցան համոյթի փորձաւարները: Վերջաւորութեան բեմ հրաւիրուեցաւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան, եւ «Ակունք»-ը: Թաւրիզի Հայ օգնութեան միութեան «Տաթեւ» պարախումբերու ղեկավար Կարինէ Մանուչերեանի կողմէ Սրբազան Հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր, իսկ թեմակալ առաջնորդի ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան` Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհուրդին, «Ալիք» օրաթերթին, Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան եւ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան:

Աւարտին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ թեմակալ առաջնորդը. իր գնահատանքի խօսքը ուղղելով խումբին` աւելցուց. «Մշակոյթը իւրաքանչիւր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ապրումներու եւ զգացումներու դրսեւորումն է եւ այդ դրսեւորումներէն մէկը պարն է»:

 

Scroll Up