Հայաստանի Մասին Բանախօսութիւն` Իտալիոյ ՄԷջ (լուսանկարներ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Իտալիա2.jpg)
Փետրուար 27-ին Իտալիոյ Տրեցցանօ Սուլ Նաւիկլիօ քաղաքին մէջ (Միլանի նահանգ) տեղի ունեցած է ձեռնարկ` նախաձեռնութեամբ Տրեցցանօ Սուլ Նաւիկլիոյի քաղաքապետարանի: Հարիւրաւոր մասնակիցներու ներկայութեամբ` Իտալիոյ հայոց միութեան ղեկավար Պայքար Սվազլեան եւ իտալահայ բարերար Կարէն Քէոքչեան բանախօսած են հայ ժողովուրդի պատմութեան, երաժշտութեան եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Իտալիոյ հայկական համայնքէն:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած են Հայաստանի անցեալն ու ներկան պատկերող տասնեակ լուսանկարներ: Աւարտին ներկայացուած են հայկական խոհանոցի նմուշներ` պատրաստուած ՀԲԸՄ-ի Իտալիոյ պատասխանատու Կեկել Խաչատուրեանի կողմէ:
Երեկոյի փակման Իտալիոյ հայոց միութիւնը գրաւոր խնդրագիր ներկայացուցած է քաղաքապետին, որպէսզի քաղաքապետարանը եւս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: