ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Շնորհաւորանքը Փրակայի Շաբաթօրեայ Դպրոցի 20-Ամեակին Առթիւ

Փետրուար 27-ին Փրակայի քաղաքային գրադարանի դահլիճին մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ հայ համայնքի շաբաթօրեայ դպրոցի 20-ամեակը: Դահլիճին մէջ հաւաքուած էին տարբեր տարիներու դպրոցէն ներս ուսանած հայորդիներ, պետական, հասարակական եւ համայնքային գործիչներ, հոգեւոր այրեր:
«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեսաուղերձը` դպրոցի հիմնադրման 20-ամեակին առթիւ: