ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ «Աղօթարան» Գիրքի Շնորհանդէսին

Մարտ 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մասնակցեցաւ Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանին նուիրուած բանաստեղծ  Յովհաննէս Ղազարեանի «Աղօթարան»  գիրքի շնորհանդէսին:

Շնորհանդէսը կազմակերպած էին Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնը, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:

Նախարարը շնորհաւորեց Յունահայոց թեմի Առաջնորդը` Ծննդեան 50-ամեայ տարեդարձի առթիւ եւ կարեւոր համարեց Յունաստանի հայ համայնքին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման գործին մէջ Սրբազանի ջանքերը:

«Համոզուած եմ, որ այս ամենածաղկուն եւ բեղմնաւոր տարիքում նորանոր ձեռնարկներով եւ բազմաթիւ գործերով Դուք նոր լիցքեր կը հաղորդէք Հայոց թեմին, եւ մենք ականատեսը կը լինենք Ձեր հայանպաստ նոր ծրագրերի իրակացմանը», – ընդգծեց ան:

Այնուհետեւ նախարարը անդրադարձաւ բանաստեղծ Յովհաննէս Ղազարեանի «Աղօթարան» գիրքին`  նշելով. «Յովհաննէս Ղազարեանը  պոէզիայի միջոցով իւրովի է մեկնաբանել Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի հոգեւոր եւ ազգային գործունէութիւնը` այն անմահացնելու համարձակ նախաձեռնութեամբ»:

Սփիւռքի մէջ հայագիտութեան զարգացման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած ծառայութիւններուն համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան համատեղ «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով:

Ն,Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Յովհաննէս Ղազարեանի գրչակից ընկերները, ազգային գործիչներ, մտաւորականներ:

Տէր Խորէն արքեպիսկոպոսի հոգեւոր եւ համայնքային գործունէութեան մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկտչեան` Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդին պարգեւատրելով ՀՀ ԿԳՆ յուշամետալով:

Յովհաննէս Ղազարեանի  նախաձեռնութիւնը կարեւոր համարեցին եւ զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, բանաստեղծի գրչակից ընկերները եւ գրականագէտներ:

23 4 5

Scroll Up