Մոսկուայի Մէջ Կը Ներկայացուի «Հայաստան. Գոյութեան Առասպելը» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ, Պատմութեան թանգարանին մէջ, պիտի բացուի «Հայաստան. Գոյութեան Առասպելը» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին Հայաստանի պատմութեան, Սուրբ Էջմիածինի Մայր աթոռի թանգարաններու եւ Մատենադարանի 160- է աւելի ցուցանմուշներ, armradio.am-ի փոխանցմամբ` նշուած է Ռուսաստանի պետական պատմութեան թանգարանի կայքին մէջ:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած ցուցանմուշները, որոնք կ’ընդգրկեն մեր երկրի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 19- րդ դարը: Թանգարանը կը նշէ, որ պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանի պատմութեան հելլէնական շրջանի բաւականին հետաքրքիր նմուշներ, որոնցմէ մէկը նաեւ Ափրոտիտէ աստուածուհիի մարմարեայ արձանն է:
Հայաստան որպէս քրիստոնէութիւնը պետական կրօն առաջինը հռչակած երկիր` կը ներկայացնէ Մայր Աթոռի թանգարանին մէջ պահպանուող գեղարուեստական եւ պատմական արժէք ներկայացնող ցուցանմուշները: Ռուսաստանի պատմութեան թանգարանը այս առումով յատկապէս կ’առանձնացնէ Սուրբ Գէորգի մասունքները ամփոփող Խաչը:
Ռուսաստանի պատմութեան թանգարանը իր այցելուներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ Մատենադարանի ցուցանմուշներուն վրայ:
Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մարտ 10- ին` հաւանաբար Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու մասնակցութեամբ: