ԼՂՀ Հռչակման 25-Ամեակի Տօնակատարութեան Խորհրդանիշի Մրցոյթ Յայտարարուած Է

ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի տօնակատարութեան խորհրդանիշի մրցոյթ:

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` այդ մասին տեղեկացուցած են մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Աղբիւրի հաղորդմամբ` մրցոյթին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ 2016թ. Մարտ 30-ը ներկայացնել` խորհրդանիշի ուրուագիծը` թուային տարբերակով (JPEG, PDF), խորհրդանիշի նկարագրութիւնը եւ գաղափարական իմաստը եւ մասնակիցի տուեալները:

Ներկայացուած աշխատանքի հեղինակային իրաւունքի պատասխանատուութիւնը կը կրէ մասնակիցը: Մրցոյթին մասնակցութեան յայտերը պէտք է ներկայացնել մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աշխատակազմի «Մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման եւ կապերու բաժին» կամ ուղարկել culture@mc.am ելեկտրոնային հասցէով: Մրցոյթի արդիւնքները կ’ամփոփուին ԼՂՀ հռչակման 25-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան պետական յանձնաժողովի կողմէ: Յաղթող ճանչցուած խորհրդանիշին համար սահմանուած է դրամական մրցանակ: Մրցոյթի յաղթողին հետ կը կնքուի ստեղծագործութեան օգտագործման իրաւունքի օտարման պայմանագիր:

Scroll Up