Սուրիայէն Արցախ Ներկրուած Են Թթենիի Տնկիներ

ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը յայտարարուած է պտղաբուծութիւնը: Այս ճիւղի զարգացման համար նախարարութիւնը ծրագրած էր պետութեան օժանդակութեամբ բազմաթիւ պտղատեսակներու որակեալ տնկիներ ներկրել հանրապետութիւն: Եւ ահա պտղաբուծութեան զարգացման ծիրէն ներս Սուրիայէն արդէն ներկրուած են թթենիի քսան հազար տնկիներ, որ թոյլ կու տայ թարմացնել հանրապետութեան թթայգիները ու զարգացնել թթենիի մշակութիւնը:
Ինչպէս նշեց գիւղատնտեսութեան նախարար Արամ Մխոյեան, սա պետական ծրագիր է, եւ թթենիի տնկիները անհատոյց պիտի բաժնուին հողօգտագործողներուն, որոնք իրենց հերթին պարտաւոր պիտի ըլլան ուշադիր ըլլալ եւ լաւ խնամել տրամադրուած տնկիները: aparaj.am-ի փոխանցմամբ` ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ` թթենիներէն մաս մը պիտի բազմացուին նոր տնկիներ` թթայգիները պարբերաբար թարմացնելու նպատակով:
Թթենիներէն բացի, «Ասմարեան Կրին Լանտ» ՓԲԸ-ն ներկրած է նաեւ մէկուկէս տանեակ այլ պտղատեսակներու տնկիներ (խնձորենի, տանձենի, սալորենի, նշենի, թզենի եւ նռան տարբեր տեսակներ, ինչպէս նաեւ` մեր մօտ ոչ աւանդական` պիստակենի, քիուի, արդիւնաբերական վարդի տնկիներ), որոնցմէ որոշները ոչ աւանդական են մեր մօտ, իսկ աւանդական պտղատեսակներէն ներկրուած տեսակները միանգամայն նորութիւն են մեր գիւղաշխարհին համար:
Ներկրուած տնկիները ձեռք բերել փափաքողները կրնան դիմել «Ասմարեան Կրին Լանտ»-ին: Աւելցնենք նաեւ, որ այս ջերմոցային տնտեսութեան մէջ տնկիները կը բազմացուին եւ յետագային կը տրամադրուին հողօգտագործողներուն, որոնք կրնան ոչ հեռու ապագային հանրապետութեան վերամշակողներուն տրամադրել ստացուած բերքը: