Հայ Պատգամաւորը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած Է Հայատեացութեան Հարցը

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ազգային խտրականութիւններու թեմայի վերաբերեալ վէճ մը տեղի ունեցած է: Թրքական «Habertֆrk» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ՔԴԿ-HDP) ներկայացուցիչ Կարօ Փայլան ցուցադրած է շէնքի մը պատին եղած («Հայ փիճեր» /  Ermeni piջleri) (պոռնկորդի) գրութեամբ լուսանկարը:

«Ցաւօք, ասիկա միայն անվտանգութեան ուժերը չեն ըներ: Վարչապետն ալ Պինկեօլի մէջ ըսած էր. «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայ հրոսակախումբերը համագործակցած էին ռուսերու հետ»: Այսօր եւ թուրքերը  «Իսլամական պետութեան»- (ԻՊ-İŞİD) կ’անդամակցին, եւ քիւրտերը: Հիմա եթէ ես ըսեմ` «թուրք հրոսակախումբերը», ատիկա ինչպիսի՞ խտրականութիւն կ’ըլլայ, այդպէս կարելի՞ է: Պարոն վարչապետն ալ  բացայայտ խտրականութիւն դրսեւորած է», -ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է հայ պատգամաւորը:

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Նաճի Պոսթանճըն հակադարձած է, թէ իրականութեան մէջ ազգային ատելութիւն կը դրսեւորէ հէնց Փայլանը: «Վարչապետը գիրքեր ունի, ելոյթներ ունի, անոր խօսքը յստակ է: Անոր կողմէ որեւէ  ազգի հանդէպ ատելութեան դրսեւորման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ»:

Իսկ ընդդիմադիր «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP) խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Օքթա Վուրալը յայտարարած է, թէ Փայլան իրաւունք չունի թուրք ազգին «ոճրագործ» անուանել:

Յիշեցնենք, որ Փայլանի ներկայացուցած լուսանկարը առնուած էր Յունուարին Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանի փողոցներուն մէջ: Այստեղ երկարատեւ պարէտային ժամի դադարէ յետոյ վերջապէս հասանելի դարձած բնակավայրի անմխիթար տեսարաններու եւ շէնքերու պատերուն եղած գրութիւններուն մէջ յատկապէս ուշադրութիւն գրաւած էր  «հայ փիճեր» (Ermeni piջleri) գրութիւնը:

Scroll Up