Յարութ Սասունեան Վստահ Է, Որ Գըրգորեանի Հարստութենէն Հատուած Մը Կ’ուղղուի Հայաստանեան Ծրագիրներուն
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կասկած չունի, որ ամերիկահայ բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեանի հարստութենէն մաս մը պիտի ուղղուի հայկական բարեգործական ծրագիրներու: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սասունեան` նշելով, որ ամերիկահայ մեծահարուստի կտակին մէջ ընդամէնը մէկ նախադասութիւն եղած է, որ իր ողջ հարստութիւնը կ’ուղղէ բարեսիրութեան:
«Պարոն Գըրգորեան երբեք իր կեանքին մէջ չէ զբաղած մանրամասնութիւններով, ան տուած է ընդհանուր ուղղութիւն, իր օգնականներն են, որ գործը կատարած ու պիտի կատարեն` ըստ իր փափաքին: Իր կտակին մէջ գրուած է, որ ամբողջ հասրտութիւնը կու տայ բարեսիրութեան` առանց մանրամասնելու, թէ ուր, հայ, թէ օտար կազմակերպութեան: Կտակի պատասխանատու կայ` կտակարար, մարդ, որ 50 տարի աշխատած է անոր հետ, շատ լաւ գիտէ պարոն Գըրգորեանի նախասիրութիւնները, մօտեցումները, մտայնութիւնը: Պարոն Գըրգորեան իր ամբողջ կեանքին մէջ նուիրաբերած է գումարներ թէ հայ, թէ օտար ծրագիրներու: Ես կասկած չունիմ, որ յետմահու ալ իր փափաքը նոյնն է` իր հարստութիւնը երթայ հայկական ու ոչ հայկական բարեսիրական ծրագիրներու: Անշուշտ հայկականի մէջ կը մտնէ նաեւ Հայաստանը»,-ըսաւ Յարութ Սասունեան:
Ան նկատեց, որ դեռ կանուխ է այդ ծրագիրներուն մասին խօսիլը, քանի որ իրաւաբանական հարցեր կան: «MGM-ի մէջ իր ունեցած շահաբաժինները պէտք է վաճառուին, գումարի վերածուին, դեռ մէկ տարի այդ հարցերը պէտք է կարգարուորուին, յետոյ նկատի կ’առնուի, թէ որ ծրագիրին որքան գումար պիտի յատկացուի»,-նշեց մեր զրուցակիցը: Ինչ կը վերաբերի խօսակցութիւններուն, թէ Գըրգ Գըրգորեան նեղացած է Հայաստանէն ու այդ պատճառով դադրեցուցած «Լինսի» հիմնադրամի գործունէութիւնը, ապա Յարութ Սասունեան ատոնք որակեց սուտ ու կեղծիք: Ան նշեց, որ Գըրգ Գըրգորեան պատճառ չունէր նեղանալու, իսկ կատարուած էր աշխատանք, որմէ ան գոհ էր: 2015 թուականի Յունիս 16-ին 98 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ գործարար, միլիարատէր, բարերար Գըրգ Գըրգորեան:
Ան ծնած է 1917թ. Յունիս 6-ին Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ: Աշխատած է հիւրանոցային շինարարութեամբ, ֆիլմի եւ ինքնաշարժներու արտադրութեամբ: Սպիտակի երկրաշարժէն ետք եւ ՀՀ շրջափակման ու տնտեսական ճգնաժամի տարիներուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարբեր ծրագիրներուն նուիրաբերած է աւելի քան 20 մլն տոլար: 1996թ. կրկնապատկած է Լոս Անճելըսի հեռուստամարաթօնի ընթացքին հաւաքուած գումարը` Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի շինարարութեան յատկացնելով մօտ 4 մլն տոլար:
2001-էն անոր «Լինսի» հիմնադրամը 200 մլն տոլարի արժողութեան ծրագիրներ իրականացուցած է ՀՀ-ի մէջ ճանապարհներու վերակառուցման, մշակութային հաստատութիւններու նորոգման, աղէտի գօտիի վերականգնման ուղղութեամբ: Հայաստանի Ազգային հերոս է: Պարգեւատրուած է «Հայրենիք» շքանշանով: