Հազարաւոր Հիւրեր Մասնակցեցան Կրեմլի Պալատին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յատուկ Ծրագիրին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/41.jpg)
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Մոսկովեան Կրեմլի մեծ պալատի Գէորգիեւեան դահլիճին մէջ Փետրուար 27-ին տեղի ունեցաւ «Արմենիա» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան 10-րդ ամենամեայ ծրագիրը, որուն մասնակցեցան 4500 հիւրեր: Բազմաթիւ հայ երգիչներ ու երաժիշտներ՝ աւելի քան չորս ժամ՝ հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով եւ երաժշտական կատարումներով մեծ լսարանին առջեւ:
Վալերի Սահարեանի կազմակերպած այս տարուան ծրագիրը գնահատանքի արժանացուց 12 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ունեցած կարեւոր ներդրումներուն համար, ներառեալ.
– Վլատիմիր Ժիրինովսքի (Ռուսաստանի Պետդումայի պատգամաւոր),
– Յարութ Սասունեան («Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ «Հայաստան Արցախ հիմնադրամ»-ի նախագահ),
– «Արմենիա ֆուտուրա»,
– Սերգէյ Սմբատեան (խմբավար, Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադիր-ղեկավար):
Միւս մրցանակակիրները, որոնք չէին կրցած ներկայ գտնուիլ արարողութեան, իրենց խօսքը ուղղեցին տեսանիւթի կամ ներկայացուցիչներու միջոցով.
– Վալերի Պուայէ (Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ),
– Վիգէն Սարգսեան (ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի համակարգող),
– Հայաստանի մշակոյթի նախարար,
– Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան (Մոսկուայի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ),
– Սերժ Թանկեան (System of a Down),
– Ռուբէն Վարդանեան (բարերար եւ գործարար),
– Արթուր Ջանիբեկեան («Գազպրոմ Մեդիա Հոլդինգ»),
– Արա Վարդանեան («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ):
Իր մրցանակը ստանալու ընթացքին` Ժիրինովսքին շատ խիստ խօսքեր ըսաւ Թուրքիոյ հասցէին: Ահա որոշ հատուածներ անոր ելոյթէն. «Պիտի գայ այն օրը, երբ հայերը իրենց փառատօնները պիտի նշեն ազատագրուած Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ: Ատիկա կրնայ ըլլալ ձեր սուրբ լերան` Արարատի անունը կրող փառատօն մը: Անիկա կրնայ իրականացուիլ Կարսի, Արտահանի, Սասունի, Տրապիզոնի մէջ…. Եթէ ես ըլլայի, ռուսական օդանաւի խոցումէն յետոյ պիտի հրամայէի հզօր հարուած հասցնել Թուրքիոյ: Ու այսօր Թուրքիայէն քիչ բան պիտի մնար…. Ես կը մաղթեմ, որ իրականանայ ողջ հայութեան երազանքը` պատժուին անոնք, որոնք 1915-ի Ապրիլին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ իրականացուցին այդ սարսափելի ցեղասպանութիւնը»:
Ժիրինովսքին շարունակեց իր կոշտ ելութը` յայտարարելով, որ Թուրքիան յարձակեցաւ հայերու վրայ, որոնք «կ՝ապրէին իրենց հայրենիքին մէջ, իրենց հողին վրայ: Իսկ թուրքերը քոչուորներ էին, անոնց հայրենիքը Միջին Ասիոյ մէջ է, Տաշքենտի: Անոնք պէտք է երթան այնտեղ եւ Անատոլիան ձգեն հայերուն, քիւրտերուն եւ յոյներուն: Իսկ Կոստանդնուպոլիսը պէտք է ըլլայ ազատ քաղաք: Ժամանակը արագ կը փոփոխուի: Հնարաւոր է, որ մօտ ժամանակներս իրականանայ ատիկա: Հայե՛ր, ձեզ ոչ ոք կը խանգարէ: Այնպէս որ, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու սերունդները թող պատրաստեն իրենց փաստաթուղթերը` իրենց կորսնցուցած հողերն ու գոյքը ետ ստանալու համար: Ես օդի մէջ չեմ խօսիր, ես համոզուած եմ, որ հայերը շուտով պիտի ոգեկոչեն ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը, այլ պիտի տօնեն Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը, իսկ հայկական դրօշը պիտի ծածանի Կարսի, Արտահանի մէջ, Արարատի վրայ, Սասունի մէջ եւ Տրապիզոնի»:
Դժուար էր հանդէս գալ Ժիրինովսքիի ազդեցիկ ելոյթէն ետք: Մրցանակս ստանալով` ես դահլիճին դիմեցի հետեւեալ հակիրճ խօսքով. «Ցեղասպանութիւնը անժամանցելի, անժամկէտ հրէշաւոր ոճիր մըն է: Թրքական կառավարութիւնը թո՛ղ լաւ իմանայ, որ հայ ժողովուրդը պիտի չմոռնայ իր արդար իրաւունքները: Թէեւ անցած է հարիւր տարի, նոյնիսկ հազար տարի ալ անցնի, մենք պիտի մնանք պահանջատէր եւ պիտի պայքարինք վերստանալու համար այն ամէնը, ինչ կորսնցուցած ենք: Թուրքիան պէտք է վերադարձնէ մեր անհատական եւ համայնքային բոլոր կալուածքները, եւ ամենակարեւորը` մեր պատմական հողերը` Արեւմտահայաստանը: Մէկ խօսքով` կը պահանջենք մեզմէ բռնագրաւուած ունեցուածքը եւ մեր 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներու արեան գինի հատուցումը»:
Այնուհետեւ լսարանին կոչ ըրի` չյուսահատիլ. «Հարիւր տարի առաջ, հզօր եւ ընդարձակ Օսմանեան կայսրութիւնը փլուզուեցաւ եւ մասնատուեցաւ` դառնալով Թուրքիոյ Հանրապետութիւն` շատ աւելի փոքր սահմաններու մէջ: Աստուծոյ կամքով եւ մեր յարատեւ ճիգերով վստահ ենք, որ պիտի գայ այն օրը, երբ այսօրուան Թուրքիան եւս պիտի փլուզուի ներքին եւ արտաքին ճնշումներու հետեւանքով: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք օգտուելու այդ առիթէն` ազատագրելու մեր պատմական հողերը: Մինչ այդ` բոլորս միանա՛նք` Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Սփիւռք, դառնանք մէկ բռունցք, որպէսզի մեր Հայրենիքը դառնայ հզօր տնտեսական ուժ, հզօր քաղաքական ուժ եւ հզօր ռազմական ուժ: Միայն այդպիսի հզօր Հայաստանն է, որ պիտի կրնայ ոչ թէ աղաչել ու պաղատիլ, այլ տէր կանգնիլ իր արդար իրաւունքներուն»:
Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեամբ այս ոգեշնչող չորսժամեայ ծրագիրը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ: Վստահ եմ, որ Կրեմլի պալատին մէջ ներկայ գտնուող 4500 հիւրերը եւ միլիոնաւոր հեռուստադիտողներ համակուեցան նոր պատրաստակամութեամբ մը` հետամուտ ըլլալու իրենց ազգային նպատակներուն` մինչեւ անոնց վերջնական իրականացումը:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը