«Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» Ցուցահանդէսը՝ «Պրենտ» Գրադարանին Մէջ
Կլենտէյլ քաղաքի եւ անոր Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայութեան թանգարանին միջեւ համագործակցութեամբ, «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» խորագրուած ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ (1601 West Mountain Street, Glendale, CA, 91201), Ապրիլ 9էն Յունիս 11ի միջեւ։
Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 9ին, երեկոյեան ժամը 6ին։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ գրադարանի աշխատանքային ժամերուն, որոնք են՝
– Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 8.
– Չորեքշաբթի, կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 6.
– Ուրբաթ եւ Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 5։
Ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան շաբաթական շարք մը հանրային ձեռնարկներ։
«Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» ցուցահանդէսը անցեալ տարի ցուցադրուած էր Մեքսիքօ Սիթիի Յիշողութեան եւ հանդուրժողութեան թանգարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով. անիկա նուիրուած է հայկական մշակոյթին, Ցեղասպանութեան յուշերուն եւ արդարութեան հասնելու ջանքերուն՝ լուսարձակի տակ առնելով պատմական իրողութիւններն ու անոնց հետեւանքները, վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութեանց ընդմէջէն։ Յատուկ բաժին մը յատկացուած է նաեւ Մեքսիքա եւ այլ երկիրներ հաստատուած վերապրողներու կարեւոր ներդրումներուն։
Ամերիկահայութեան թանգարանի ծրագիրի մշակման գործադիր վարչութեան ատենապետ Պերճ Կարապետեան կ՛ողջունէ բազմակողմանի գործակցութեան շնորհիւ նման կարեւոր ցուցահանդէս մը Կլենտէյլ բերելու ջանքը՝ աւելցնելով, թէ ցուցահանդէսը հայութեան պատմութիւնը կը փոխանցէ բազմամշակութային պրիսմակի մը ընդմէջէն՝ նախաճաշակ մը տալով Ամերիկահայութեան թանգարանին մէջ ցուցադրուելիք ցուցահանդէսներուն։
Ամերիկահայութեան թանգարանին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հանդուրժողութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ ամերիկահայութեան փորձառութեան ընդմէջէն:
Ցուցահանդէսին եւ անոր զուգահեռ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (844) 586-4626 թիւին կամ այցելել ArmenianAmericanMuseum.org կայքը։ Նշենք, որ ցուցահանդէսին եւ ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: