«Սուրիահայերու Ընդելուզման Հարցով Պետութիւնը Սփիւռքի Աջակցութեան Կարիքը Ունի». Հրանոյշ Յակոբեան

Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով ընդհանուր թիւով շուրջ 20 հազար սուրիահայ  Հայաստան մուտք գործած է, իսկ անոնցմէ 16 հազարը արդէն հիմնաւորուած են այստեղ: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի դիտարկմամբ` պետութիւնը ջանքեր կը գործադրէ այդ անձանց հիմնախնդիրներու լուծման ու ընդելուզման ուղղութեամբ, սակայն երկու կարեւորագոյն` բնակարանային հարցն ու աշխատանքով ապահովման հիմնախնդիրը Հայաստան ի վիճակի չէ միայնակ լուծելու, եւ ատոր համար անհրաժեշտ է նաեւ սփիւռքի տեղական եւ համահայկական կառոյցներու աջակցութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այդ մասին Հրանոյշ Յակոբեան խօսած է Փետրուար 24-ին Երեւանի մէջ իրականացուող «Մարդասիրական արձագանքէն դէպի կայուն լուծումներ» խորագիրով աշխատաժողովի ընթացքին, որ նուիրուած է Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած անձանց ընդելուզման դիւրացման խնդիրներուն:

Սփիւռքի նախարարը լրագրողներուն հետ զրոյցին նշեց, որ The Economist պարբերականի հրապարակած տուեալներով` Սուրիայէն ընդունած փախստականներու թիւով Հայաստանը երրորդն է Գերմանիայէն ու Շուէտէն ետք: Սակայն, եթէ Գերմանիոյ մէջ 1000 քաղաքացիի հաշուով կայ 4-5 փախստական, ապա Հայաստանի մէջ այդ ցուցանիշը 6-7 հոգի է: Նախարարը ընդգծեց, որ սուրիացի փախստականներու աջակցութեան համար Եւրոմիութեան եւ ԱՄՆ-ի կողմէ յատկացուած 5-ական միլիար տոլար օգնութենէն Հայաստանին որեւէ բաժին չէ հասած: Մեր երկրին այդ հարցով կ’օգնէ միայն ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակը իր սուղ միջոցներէն, ինչպէս նաեւ Քուէյթը, Աւստրիան եւ Ռուսաստանը, որոնք նոյնպէս մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերած են սուրիահայերուն:

Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ կառավարութեան դիրքորոշմամբ` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերը չեն կրնար կոչուիլ փախստականներ, թէեւ անոնք փաստացի փախստական են: Պետութիւնը պարտաւոր է անոնց անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրել հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ այդ ուղղութեամբ զգալի քայլեր կատարած է: Պետական պիւտճէէն գումար կը յատկացուի թէ Սուրիոյ մէջ, թէ Հայաստան բնակող սուրիահայերու կարիքներուն համար: Բացի այդ, ընդունուած են օրէնսդրական քայլեր, որոնք կը նպաստեն սուրիահայերուն աջակցութեան տրամադրման համակարգուած կազմակերպման:

Ստեղծուած է սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղուող միջգերատեսչական մարմին, որ իր ամենամսեայ նիստերուն կը դիտարկէ առկայ խնդիրները եւ լուծումներ կ’առաջարկէ: «Մեր հայրենակիցների մեծ մասը կրթութեան, մշակոյթի, սպասարկման ոլորտներում գտել է իր տեղը, իր հետ բերել նաեւ նոր աշխատանքային մշակոյթ: Գործատուները յաճախ են ընդգծում սիրիահայերի աշխատանքային բարձր կարգապահութիւնը եւ համեստ վարուելակերպը»,-  ըսաւ նախարարը: Անդրադառնալով սուրիահայերու ըմդելուզման դժուարութիւններուն` սփիւռքի նախարարը առանձնացուց ատոնց նպաստող շարք մը հանգամանքներ:

Ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի` Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան առաջին մէկ-երկու տարուան ընթացքին Հայաստան եկած սուրիահայերու զգալի մասը չէր պատկերացներ, որ այստեղ երկար կը մնայ, եւ ձգձգուող պատերազմը հոգեբանական բարդութիւններ կ’առաջացնէ: Այժմ ալ, այստեղ հաստատուածներու մեծ մասի ընտանիքները կիսուած են. հարազատներու մէկ մասը դեռ կը մնայ Սուրիա: Բացի այդ, ինչպէս նշեց նախարարը, «Շարունակուող պատերազմի հետեւանքով Հայաստանում ապրող սիրիահայերը եւս գրեթէ ամէն օր ունեցուածք են կորցնում. Սիրիայում վնասւում ու աւերւում են նրանց տները, գործատեղերը»: Շարունակ կրկնուող հոգեբանական նման հարուածները նոյնպէս ընդելուզումը բարդացնող գործօններ են:

Նախարարը որպէս ընդելուզումը դժուարացնող գործօն նշեց նաեւ Հայաստանի ու Սուրիոյ օրէնքներու միջեւ եղած տարբերութիւնը` աւելցնելով, որ այդ խնդիրը լուծելու նպատակով հրատարակուած եւ սուրիահայերուն  տարածուած է Հայաստանի հարկային, մաքսային համակարգի առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ գրականութիւն: Հրանոյշ Յակոբեան նշեց նաեւ, որ թէեւ Հայաստանէն սուրիահայերու մէկ մասը կը տեղափոխուի երրորդ երկիրներ` հիմնականին մէջ Շուէտ ու այլ եւրոպական երկիրներ, նաեւ Գանատա, սակայն հակառակ գործընթացը եւս կայ:

Շատերը մեկնելով այլ երկիրներ` կ’ունենան լեզուական, ֆինանսական խնդիրներ, նոյնիսկ չեն յարմարիր տեղի բնակլիմայական պայմաններուն, ինչպէս Գանատա մեկնած սուրիահայերու պարագային, բացի այդ, միշտ չէ, որ սոցիալական ապահովութեան երաշխիքներ կը ստանան: Այդ պատճառով, ըստ նախարարին, կան արդէն ետ` դէպի Հայաստան վերադարձողներ:

Scroll Up