«Հանրային Օրակարգ» Հաղորդման Հիւրն Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան
Վերջին օրերուն իրադրութիւնը Սուրիոյ մէջ առաւել սրուեցաւ, մասնաւորապէս` աշխոյժ հրթիռակոծութեան թիրախին մէջ յայտնուեցան Հալէպի հայաշատ թաղամասերը:
Ինչ պէտք է ընել այս իրադրութեան մէջ, ինչպէս պէտք է վարուին սուրիահայերը, եւ ինչ պէտք է ընէ Հայաստանը` պատերազմի ճիրաններուն մէջ յայտնուած սուրիահայերուն օգնելու նպատակով: Այս եւ այլ թեմաներու շուրջ ծաւալուած է Առաջին ալիքի «Հանրային օրակարգ» հաղորդման տաղաւարին մէջ Գէորգ Ալթունեանի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի զրոյցը, որ «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ: