«Հայերէն Խօսող Փոքրիկները Հզօր Ապագայի Երաշխաւորներն Են»

Փետրուար 21-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ իրականացուեցաւ երեք ձեռնարկ` նուիրուած Մայրենիի միջազգային օրուան: Երանուհի Ղազարեանի դասղեկական 2-րդ դասարանին մէջ իրականացուեցաւ բաց դաս: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն:

«Պարտադիր է նշել, որ սա ցուցադրական դաս չէ, մեր բոլոր դասերը կ’անցնին նմանօրինակ ձեւաչափով եւ պատկերաւոր»,- դիմելով ներկայ ուսուցիչներուն` ըսաւ Երանուհի Ղազարեան:

Սաները, որոնք դեռ մէկուկէս տարի առաջ հայերէն մէկ բառ անգամ չէին գիտեր, դասի ընթացքին ներկայացան ուսումնառութեան ընթացքին կուտակած իրենց գիտելիքներով: Անոնք կազմեցին բարդ բառեր, ռուսերէնէ հայերէն թարգմանեցին անծանօթ նախադասութիւններ, հայերէնով հարցեր ուղղեցին ներկայ ուսուցիչներուն, ապա վերաշարադրմամբ տեղուոյն վրայ ներկայացուցին յայտնի հեքիաթները:

Ներկաները ուշադրութեամբ եւ հիացմունքով հետեւեցան Երանուհի Ղազարեանի` դասի մատուցման մեթոտին եւ լսեցին սաներուն պատասխանները: Դասի աւարտին «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան եւ տնօրէն Հմաեակ Գէորգեան իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սաներուն եւ ուսուցչուհիին` հայերէնի հանդէպ ունեցած ակնածանքին եւ սիրոյ համար:

Մայրենիի միջազգային օրը, որ աւանդոյթի համաձայն «Հայորդաց տան» մէջ կը նշուի Մայրենիի միամսեակի ծիրէն ներս, հայոց լեզուի ուսուցչուհի Արմինէ Մարտիրոսեան ներկայացաւ «Հայագիտութեան օտարազգի երախտաւորները» թեմայով դասախօսութեամբ: Ներկաները ծանօթացան օտարազգի հայերէնագէտներուն եւ հայերէնի ծագման ու նշանակութեան մասին անոնց թեզերուն:

Իսկ քանի որ հայերէնի հանդէպ սէրն ու նուիրումը պէտք է սերմանել դեռ մանկութենէն, Ալվինա Յովհաննիսեանի ղեկավարած նախապատրաստական դասարանի սաները ներկայացան հայոց լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններով` միաժամանակ անդրադառնալով հայոց գիրերու ազգապահպան նշանակութեան: «Հայերէն են գալու դարերդ» խորագիրով ձեռնարկին իր անկրկնելի կատարումներով հանդիսատեսին հիացուց կրթօճախի` Լենա Բեգլարեանի ղեկավարած փոքրիկներու «Շողեր» երգչախումբը: Ձեռնարկը աւարտեց Համօ Սահեանի «Գարունդ հայերէն է գալիս» բանաստեղծութեան հիման վրայ Լենա Բեգլարեանի կողմէ գրուած համանուն երգով, որուն աւարտին փոքրիկները պաստառներով եւ վստահ ձայով հաւաստիացուցին, որ «Հայերէն են գալու դարերը»:

Տէր Առաքէլ Ամիրեան ներկաներուն փոխանցեց թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութիւնը` միաժամանակ նշելով, որ հայերէն խօսող փոքրիկները հզօր ապագայի երաշխաւորներն են եւ անոնց հայերէնով մենք կը վերադարձնենք Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւին, Խորենացիին ունեցած մեր պարտքը:

2 3 4 6 7 8

Scroll Up