Հայկօ Պաղտատ. «Պայթիւն Տիարպեքիրի Մէջ, Տուժածներուն Մէջ 15 Երեխայ Կայ»

Պոլսահայ յայտնի լրագրող, գրող Հայկօ Պաղտատ յայտարարած է, որ Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ ուժգին պայթիւնի հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ տուժած են, ինչպէս նաեւ` երեխաներ: Oրեր առաջ Տիարպեքիր մեկնած Պաղտատը այնտեղի ողբերգական իրավիճակին անդրադարձած էր «Diken.com.tr» կայքին մէջ հրապարակած իր «Մարդ չի կրնար յարմարիլ» յօդուածին մէջ:

Հեղինակը կը պատմէ, որ խաղաղ բնակիչներու շրջանին մէջ շատ կորուստներ  եղած են, Սուրի մէջ բնակիչներու դրութիւնը ծայրայեղ ծանր է, պայթիւններու ձայները չեն դադրիր, իսկ երիտասարդները իրենց ամէն խօսքը կը սկսին «Եթէ ողջ մնանք» արտայայտութեամբ:

ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ`  Փետրուար 21-ին պոլսահայ լրագրողը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ  գրած է. «Սուրէն լուրեր կու գան ուժգին պայթիւնի մասին: Տեղեկութիւններ կան, որ տուժածներուն մէջ մինչեւ 11 տարեկան 15 երեխայ կայ: Ոչ մէկուն չեն լսեր: Ընտանիքները յուսահատութեան եզրին են»:

Իսկ թրքական իշխանամէտ «Yeni Akit» թերթի կայքը, անդրադառնալով Հայկօ Պաղտատի այս գրառման, այն անուանած է «սադրիչ յայտարարութիւն»` ընդգծելով, որ լրագրողը անտեսած ու չէ յիշատակած նոյն օրը Տիարպեքիրի մէջ զոհուած երկու զինուորի մասին: Միաժամանակ թերթը չէ հաստատած լրագրողի հաղորդած տեղեկութեան հաւաստիութիւնը:

Իշխանամէտ թերթը Պաղտատին մեղադրած է «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) համախոհը ըլլալուն մէջ: Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Պաղտատ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) համանախագահ Սելահհաթին Տէմիրթաշի մտերիմ ընկերն է:

Scroll Up