Սոֆիայի Հայ Համայնքը Նշեց Տեառնընդառաջը (Լուսանկարներ)

Փետրուար 14-ին Սոֆիայի Հայոց ազգային տան մէջ կը տիրէր ուրախ խառնաշփոթ: Մինչ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուէր կիրակնօրեայ տօնական ժամերգութիւնը` երեխաները եւ երիտասարդները կը պատրաստուէին իրենց ելոյթին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Գոհար Խնկանոսեան:
Տեառնընդառաջը համայնքէն ներս սկսաւ նշուիլ 2002 թուականէն` Սթ. Յովակիմեանի անուան դպրոցական ընկերութեան կողմէ, հիմնականին մէջ` Գոհար Խնկանոսեանի աշակերտներու մասնակցութեամբ: Տարիներու ընթացքին տօնը սիրուեցաւ եւ աւանդական դարձաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի հայկական համայնքին համար: Այս տարի, համընկնելով ոչ աշխատանքային օրուան հետ, Տեառնընդառաջը նշուեցաւ առաւել շուքով` տեղական եկեղեցական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի, «Բարեգործական»-ի եւ այլոց մասնակցութեամբ:
Ըստ կարգի` խորանէն վերցուած մոմով վառուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ պատրաստուած կրակը: Թեմի առաջնորդ Տ. Իսահակ վրդ. Պօղոսեան ողջունեց ներկաները եւ օրհնեց նորապսակ զոյգը: Մինչ կրակի բոցերը իջան, ՀՄԸՄ սկաուտները ասմունքեցին, իսկ մանուկները աւանդական աղանձ ստացան Գոհար Խնկանոսեանէն:
Ներկաներու տրամադրութիւնն ալ աւելի բարձրացաւ, երբ ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի աշակերտական «Հայ լեռ» պարախումբը, որուն միացաւ երիտասարդական «Նայիրի» անկախ պարախումբը, ու միասին կատարեցին «Թամզարա» շուրջպարը: Էմմա Շահինեանի ղեկավարած «Նայիրի» պարախումբի «Էջմիածնի» եւ «Մայրոքէ» շուրջպարերուն միացան նաեւ ներկաները:
Աւելցնենք, որ այս տարի Փլովտիւ, Ռուսէ եւ այլ քաղաքներու մէջ եւս նշուեցաւ Տիրոջ ընդառաջ երթալը խորհրդանշող վաղեմի այս տօնը:
Լուսանկարները` հեղինակի