Հայ Լուսանկարիչը՝ World Press Photo-ի Մրցանակակիր

World Press Photo  լուսանկարիչ-լրագրողներու միջազգային մրցոյթին «Տարուան լուսանկար» անվանակարգին մէջ մրցանակի  արժանացած է  աւստրալացի Ուորէն Ռիչարտսոնը: Անոր մրցանակ  յանձնած են «Նոր կեանքի յոյս» լուսանկարին համար, ուր պատկերուած են փախստականներ, որոնք երեխային կը փոխանցեն փշալարերու միջով:

Լուսանկարը առնուած է 2015 թուականի Օգոստոս 28-ին` Հունգարիա-Սերպիա սահմանին:

2016 թուականի մրցոյթի ժիւրիի նախագահը եղած է AFP գործակալութեան ֆոթոխմբագիր Ֆրենսիս Կոնը:

tert.am-ի փոխանցմամբ` յաղթող լուսանկարները ընտրուած են 128 տարբեր երկիրներու մէջ 5.775 լուսանկարիչներու կողմէ առնուած 82.951 լուսանկարներէն:

«Ժամանակակից խնդիրներ» անուանակարգին մէջ երկրորդ տեղի մրցանակին  արժանացած է հայ Ատրիան Օհաննէսեան (Adriane Ohanesian)` Սուտանի մէջ առնուած իր լուսանկարին համար:

press.thumb

Scroll Up