Արտահանի Բերդը Եւ Կուր Գետը` Նկարահանուած Անօդաչու Թռչող Սարքով. Տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/ardahan-kalesi.jpg)
Մեծ Հայքի Գուգարք աշխարհին մէջ գտնուող եւ 10-րդ դարուն հայ Բագրատունիներու կողմէ վերանորոգուած Արտահանի բերդն ու հարեւանութեամբ հոսող Կուր գետը իւրայատուկ գեղեցկութիւն ունին:
Բերդը 11-րդ դարուն անցած է վրաց Բագրատունիներու տիրապետութեան տակ: 1828-1829 եւ 1877-1878 թթ. Ռուս-թրքական պատերազմներու արդիւնքով այն երկու անգամ ազատագրուած ու յետագային կրկին անցած է թուրքերուն:
Արտահանը գրեթէ 2 տարի եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կազմին մէջ: