Բաց Դասի ծիրէն Ներս «Հայորդաց Տան» Սաները Մրցեցան Հայերէնի Իմացութեամբ

Փետրուար 14-ին` Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ իրականացուող  Մայրենի լեզուի միամսեակի ծիրէն ներս, հայոց լեզուի ուսուցչուհի Ճեմմա Կիրակոսեանի` 4ա դասղեկական դասարանին մէջ տեղի ունեցաւ բաց դաս: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն:

Դասարանի սաներէն կազմուած «Ձայնաւորներ» եւ «Բաղաձայններ» խումբերը մրցեցան իրարու հետ հայերէնի եւ հայոց տառերու մասին ունեցած գիտելիքներով, ուղղագրութեան իմացութեամբ, պատասխանեցին հանելուկներուն եւ ասմունքեցին:

Մրցոյթի ձեւաչափով իրականացուող բաց դասի ժամանակ երկու խումբերու ներկայացուցիչներն ալ աչքի ինկան սրամիտ պատասխաններով, արագ կողմնորոշուելու կարողութեամբ: Հէնց ատիկա էր պատճառը, որ դասի կազմակերպիչ  Ճեմմա Կիրակոսեան գերադասեց չհաշուել մրցոյթի արդիւնքները` ըսելով, որ բոլորն ալ լաւ պատրաստուած եւ բանիմաց երեխաներ են:

Բաց դասին ներկայ հայերէնի ուսուցչուհիները իրենց հիացմունքը յայտնեցին փոքրիկներուն: Սուետլանա Միքայէլեան նշեց, որ սաները մէկընդմիշտ կը յիշեն, որ Փետրուար 21-ը Մայրենիի միջազգային օրն է ու այդ յիշողութիւնը անոնց կը ստիպէ օտար լեզուներու շարքին երբեք ու երբեք չմոռնալ մայրենիի կիրառութեան մասին:

«Շնորհակալութիւն տիկին Կիրակոսեանին եւ ձեզի, սիրելի փոքրիկներ, քանի որ ցոյց տուիք, թէ որքան նուիրուած էք մայրենի լեզուին: Ձեզի տեսնելով կարելի է վստահ ըսել, որ Ճեմմա Կիրակոսեանի կողմէ ձեր մէջ ներդրուած հայերէնի սերմերը ծիլեր պիտի արձակեն եւ հաստատուն արմատ  տան: Քանի որ դուք լեզուի փոքրիկ գիտակներն էք, որոնք ոչ թէ դասը անգիր կը սորվին, այլ կը հասկնան եւ կը սիրեն հայոց լեզուն»,-դիմելով սաներուն` ըսաւ Երանուհի Ղազարեան:

«Հայորդաց տան» մէջ Փետրուարը նուիրուած է Մայրենի լեզուին, որուն ծիրէն ներս կ’իրականացուին հայերէնին նուիրուած բաց դասեր, մրցոյթներ եւ բեմականացուած ձեռնարկներ:

բաց դասբաց դաս1 բաց դաս2 բաց դաս4

Scroll Up