ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Այցը Լիբանան` Լուսանկարներով

Այս օրերուն աշխատանքային այցով Լիբանանի մէջ կը գտնուի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարարի այցի հիմնական նպատակը մասնակցութիւնն է` Փետրուար 13-14-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա-ի բարձր հովանիի ներքոյ, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբի ամփոփիչ հաւաք-հանդիպման:
Լիբանանի մէջ Սփիւռքի նախարարը ունեցած է նաեւ աշխատանքային շարք մը հանդիպումներ, հանդէս եկած է զեկոյցներով, որոնց մասին տեղեկատուութիւնը «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ յաջորդիւ:
Ստորեւ «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ Հրանոյշ Յակոբեանի Լիբանան այցը` լուսանկարներով: