Նոր Ծիլեր Տալու Եւ Առաջ Ընթանալու Պատրաստակամ ՀՕՄ-ուհիները

Փետրուար 9-ը յիշարժան օր էր ՀՕՄ-ի հայաստանեան մասնաճիւղի «Ձեռագործի եւ ձեռարուեստի» յանձնախումբին համար. այդ օրը լրացաւ յանձնախումբի ստեղծման մէկամեակը:
Պատահականութեան, թէ նախախնամութեան շնորհիւ «Հայերն այսօրի» հանդիպումը յանձնախումբի անձնակազմին հետ տեղի ունեցաւ հէնց տարեդարձին օրը: Յարկէն ներս եռուզեռ կը տիրէր. կանայք, տարբեր պատմութիւններ պատմելով, տօնական սեղանի բացում կը կատարէին եւ սենեակը կը զարդարէին:
Մարդկային ջերմ ու անկեղծ մթնոլորտ կ’իշխէր այնտեղ եւ իրարմով ապրելու երդում: Իսկ յանձնախումբի անդամ սուրիահայ կանայք կրկին ապշեցուցին իրենց լաւատեսութեամբ եւ ապագայի հանդէպ անսպառ հաւատով:
Տօնական սեղանին շուրջ զրուցեցինք ՀՕՄ-ի «Ձեռագործի եւ ձեռարուեստի» յանձնախումբի ատենապետուհի Ֆլորա Աքտաւուքեան-Գահվէճեանի եւ յանձնախումբի պատասխատանու Տիանա Յովսէփեանի հետ:
Ֆլորա Աքտաւուքեան-Գահվէճեան-ՀՕՄ-ի Ձեռագործի եւ ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետուհի.
– Մենք Սուրիոյ մէջ նոյնանման շրջանային վարչութիւն ունէինք, ուր եռանդով կը մասնակցէինք հայկական մշակոյթը պահպանելու գործունէութեան: Այդ օրերէն հիմա շատ ջերմ յիշողութիւններ պահպանուած են: Սուրիոյ մէջ ամէն կերպ փորձած ենք պահպանել մեր մամիկներէն ժառանգած ձեռագործութեան աւանդոյթները, ինչն ալ այժմ Հայաստանի մէջ կը շարունակենք: Անչափ շնորհակալ ենք, որ Հայաստանի մէջ մեր գործը շարունակելու հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ:
Կը գործեն Այնթապի, Մարաշի, Վանի (Սվազ), Ուրֆայի, հելունագործութեան, գորգագործութեան, լցակարի եւ մանրանկարչութեան խմբակներ: Բոլոր դասընթացները կ’իրականացուին ութ անգամ, շաբաթը երկու անգամ` երկու ժամ տեւողութեամբ: Իսկ վերջաւորութեան մասնակիցներուն պարտադիր վկայագիր կը յանձնենք: Իւրաքանչիւր դասընթացք կը նուիրուի որեւէ տարածաշրջանի:
Հայաստանաբնակ կանայք հետաքրքրուած են ձեռագործութեամբ, սիրով կը յաճախեն դասընթացներուն, կը փորձեն հնարաւորինս շատ գիտելիքներ ամբարել: Սպառման հիմնական աղբիւրը ցուցահանդէս-տօնավաճառներն են, որոնք մեծամասամբ կը կազմակերպէ ՀՕՄ-ը և ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Այդ ժամանակ ալ հնարաւորութիւն կ’ունենանք ներկայացնելու մեր պատրաստած աշխատանքները: Նաեւ մասնաւոր պատուէրներ կը ստանանք: Աշխատանքի համար կտորները հիմնականին մէջ Լիբանանէն կը բերենք: Նպատակ ունինք յետագային մեր վաճառատեղին ունենալ, որ աւելի կը հեշտացնէ աշխատանքը:
Անմասն չմնացինք նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններէն: Նոր ստեղծուած էր յանձնախումբը, երբ որոշեցինք Անմոռուկի պատկերով դրօշ կարել եւ Ապրիլ 24-ին բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց անմեղ նահատակներու յիշատակին:Ւ դէպ, մեզի միացան Սփիւռքի 27 հայ համայնքներէն Հայաստան ժամանած ՀՕՄ-ի 500 անդամուհիներ:
Շնորհակալ եմ մեր յանձնախումբի անդամներուն` Արփի Խուպիարեան-Առաքելեանին, Մայտա Սթամպուլեան-Տէմիրճեանին, Էլիզապէթ Քարկոցեան-Գաբրիէլեանին, Թալին Մկրտիչեան-Գաբրիէլեանին, Փեգի Ավընյան-Պապօղլյանին, Սոնա Սարաճեանին եւ Լիզա Պապօղլեան-Միանսեանին: Անոնք, իսկապէս, մեր օգնող ձեռքն են ու ամուր յենարանը:
Տիանա Յովսէփեան-ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան անդամ, Ձեռագործի եւ ձեռարուեստի յանձնախումբի պատասխատանու.
– Արդէն մէկ տարի է, որ յանձնախումբը կը գործէ: Յանձնախումբի հիմնական անդամները Սուրիայէն արդէն յայտնի պատճառներով Հայաստան տեղափոխուած կիներ են, որոնք Սուրիոյ «Օգնութեան Խաչի» անդամները եղած են: Մեր մօտ միտք յղացաւ մեր սուրահայերու կուտակած փորձի հիման վրայ Հայաստանի մէջ եւս զարգացնել մշակոյթի այս ճիւղը: Ինչպէս գիտենք, սուրիահայերը աչքի կ’իյնան իրենց կազմակերպչական մեծ ձիրքով եւ տաղանդով:
Այսպիսով, մեծ յոյսերով յանձնախումբ հրաւիրեցինք սուրիահայ կանանց: Մէկ տարուան ընթացքին յանձնախումբը հասցուց ճանաչում ունենալ: Ատիկա կը վկայէ յանձնախումբ յաճախող 100 մասնակիցները, որոնց կազմին մէջ նաեւ երեւանաբնակ կանայք են:
Մէկ ընտանիքի պէս, հաշտ ու համերաշխ կ’աշխատինք` փորձելով օգնել մէկս միւսին:
Բացի հայկական մշակոյթը տարածելէն, մեր գլխաւոր նպատակն էր հայ կնոջը հասարակական կեանքին մասնակից դարձնելու պայմաններ ստեղծել, որպէսզի կարենայ իր աշխատանքով հանապազօրեայ հաց վաստակել:
Ասիկա հրաշալի առիթ է նաեւ, որ սուրիահայ կանայք ընդելուզուին հայաստանեան կեանքին: Անոնք սորվելու մեծ ցանկութիւն ունին եւ սիրով կը յաճախեն դասընթացներուն: Միաժամանակ կը ծանօթանան եւ կը մտերմանան հայաստանցի կանանց հետ: Մենք հայ կնոջ առաքելութիւնը կը տեսնենք նաեւ մշակոյթի տարածման մէջ:
Ձեռագործութիւնը, ինչպէս գիտէք, յատուկ եղած է կանանց, դարեր շարունակ անոնք եղած են այդ ամէնուն տարածողները: Մէկամեայ գործունէութեան ընթացքին մէկ վայրկեան անգամ չենք մտածած դադրեցնել մեր աշխատանքները, այլ, ընդհակառակը, կը ձգտինք նոր ծիլեր տալ եւ առաջ ընթանալ:
Մեր յանձնախումբի ընկերուհիները` բոլորը սիրայօժար կու գան կազմակերպչական հարցերը իրականացնելու:Անոնք պատարաստակամ են որեւէ հարցով նեցուկ ըլլալու մեզի: Իրօք, ջանք ու եռանդ չեն խնայեր այս առումով: Եւ,յատկանշականը այն է, որ, ձեռագործութեան գաղտինքները սորվեցնելէ բացի, այստեղ կը ձեւաւորուի նաեւ մարդկային ջերմ յարաբերութիւններ:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան